ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքի Շարքային Ընկերներուն Հետ
Երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի Լիբանանի ընտանիքի շարքային ընկերներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պարզած ներկայ կացութեան մասին` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմէն եւ 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետին ստորագրած պարտուողական յայտարարութենէն ետք: Տէր Խաչատուրեան նաեւ...




















