«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահին կողմէ առաջադրուած գլխաւոր դատախազի թեկնածու Գուրգէն Ներսիսեանի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան դատախազութեան եւ դատաիրաւական հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ դատախազութեան դերը օրինականութեան կայացման եւ յատկապէս յետպատերազմեան փուլին տարհանուածներու, պատերազմի մասնակիցներու, վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ թշնամիին կողմէ գերեվարուած մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ: