Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Փետրուար 11, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լիբանանցի ժողովուրդին եւ իր անունով  բարձր գնահատեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին քայլը` Մոհամետ պըն Ապտել Ռահմանը Լիբանան գործուղելու իմաստով:

Ան շեշտեց, որ Քաթար միշտ դժուար պայմաններուն մէջ կը հասնի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Տոհան նեցուկ կանգնած է Լիբանանին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, լիբանանցիներուն տրամադրելով ընկերային, առողջապահական եւ մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններ:

Լիբանանցիներուն տրամադրուած այդ օժանդակութիւնները կը հաստատեն երկու քոյր երկիրներուն միջեւ ամրապնդուած յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Ապտել Ռահմանի Լիբանան կատարած երկրորդ զօրակցական այցելութիւնն է ասիկա` նկատել տալով, որ ան առաջին այցելութիւնը կատարած էր 25 օգոստոս 2020-ին:

«Լիբանանի նկատմամբ քաթարեան զօրակցութիւնը դրսեւորուած է տարբեր առիթներով` նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութեամբ, դաշտային հիւանդանոցներու առաքումով, ինչպէս նաեւ Քաթարի Թամիմ իշխանին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խորհրդաժողովին մասնակցութեամբ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն ողջունեց նաեւ քաթարեան իշխանութիւններուն տրամադրած օժանդակութիւնները եւ աշխատանքային դիւրութիւններն ու առաւելութիւնները, այն լիբանանցիներուն համար, որոնք կը գտնուին Քաթար:

Ան ողջոյնները փոխանցեց Թամիմ իշխանին եւ Ապտել Ռահմանէն խնդրեց շնորհաւորել Քաթարի իշխանը Ծոցի երկիրներուն հետ անոր հաշտութեան առիթով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց արաբական միացեալ կեցուածքին անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս շրջանին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին:

Իր կարգին, Ապտել Ռահման նախագահ Աունի փոխանցեց Թամիմ իշխանին ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները:

Ան ընդգծեց լիբանանեան-քաթարեան պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու եւ զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ այդ յարաբերութիւնները եղած են բարեկամական ու եղբայրական:

Ապտել Ռահման շեշտեց, որ Քաթար կը զօրակցի Լիբանանին` անոր դիմագրաւած զգայուն այս փուլին ընթացքին:

Ապտել Ռահման հաստատեց Քաթարի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրներուն, որոնց մէջ Քաթար ներդրում ունեցած է:

«Քաթար պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին` մաղթելով, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը արագանայ, որպէսզի Քաթար կարելիութիւն ունենայ անոր հետ քննարկելու Լիբանանին տրամադրելիք իր օժանդակութեան հեռանկարները, անշուշտ քաղաքական կայուն մթնոլորտի մէջ», ընդգծեց Ապտել Ռահման:

Ապտել Ռահման նաեւ մաղթեց, որ նախագահ Աուն այցելէ իր երկրորդ հայրենիքը` Քաթարը:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ապտել Ռահման ընդգծեց, որ Տոհայի մէջ լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ սկսելու քաթարեան նախաձեռնութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ Քաթար կը մաղթէ, որ լիբանանեան տագնապին լուծումը Պէյրութէն բխի:

Ապտել Ռահման Ալ Թանի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Աւելի ուշ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Պըրրի եւ Ապտել Ռահման միակարծիք եղած են` անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

Ապտել Ռահման Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին նպաստելու իմաստով լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն մօտ Քաթարի որդեգրելիք քայլերը:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. Հարիրի Մաքրոնի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Ներքին Դժուարութիւնները

Յաջորդը

5 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?