Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մաղթենք ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պատասխանատու Չնկատել Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Դիմագրաւած Արգելքներուն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

February 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցներու ընթացքին անդրադարձաւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւններուն, որոնց լոյսին տակ մաղթեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու չնկատուի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած արգելքներուն:

Ան աւելցուց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կը ներկայացուի ճշդուած չափանիշներուն համաձայն:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հանդէպ բոլոր յարգանքով հանդերձ, անոր արտայայտութիւնը ձգած է այն տպաւորութիւնը, թէ ՀՅԴ-ն կը ստանձնէ կառավարութեան կազմութեան ուշացումին պատասխանատուութիւնը, «մինչդեռ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կերպով կը նպաստէ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած հարցերու լուծման եւ ոչ թէ տագնապներու ստեղծումին», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն ոչ ոք իր չափաբաժինէն պէտք է նկատել: «Դաշնակցութիւնը ունի իր ինքնուրոյն որոշումը եւ կ՛որդեգրէ այն կեցուածքը, որ յարմար կը նկատէ` հիմնուելով Լիբանանի նկատմամբ իր հաւատքին վրայ: Դժբախտաբար տագնապները այդքան բարդ են, որ մարդիկ սկսած են Լիբանանը նկատել անդունդի սեմին, մինչդեռ իմ կարծիքովս` մենք արդէն իսկ վիհին յատակը կը գտնուինք: Հանրապետութեան նախագահին բաժինը նկատուող նախարարներուն թիւը կը ճշդուի ըստ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան խորհրդարանական ներկայացուցչութեան, իսկ Դաշնակցութեան նախարարը լիբանանահայութեան նախարարն է եւ ոչ թէ Ազգային ազատ կուսակցութեան նախարարներուն թիւը ամբողջացնող կամ անոր չափաբաժինին յաւելուած նախարար մը: Ճիշդ է, որ մենք համախմբումին մաս կը կազմենք եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակից ենք, սակայն շատ անգամ մեր կեցուածքներով կը տարբերինք իրարմէ, օրինակի համար` Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումին ընթացքին կատարուած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն մեր մասնակցութեամբ, կամ խորհրդարանին մէջ տարբեր օրինագիծերու պարագային մեր քուէարկութեամբ: Այս պատճառով մենք երբեմն մեղադրական խօսքեր կը լսենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մեր գործընկերներէն, որ հակառակ համախմբումին մէջ մեր ըլլալուն, տարբեր ձեւով կը քուէարկենք», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ վարժ չեն դաշնակից ըլլալ, սակայն միաժամանակ ազատ եւ ուրոյն կեցուածքներ ունենալ:

«2005-էն ի վեր մենք կը փաստենք, որ մեր միջեւ փոխադարձ յարգանք կայ: Չէ բացառուած օրինակ, որ երբեմն նոյն կուսակցութեան մէջ իսկ տարբեր կարծիքներ գոյութիւն ունենան: Այո՛, մենք համախմբումին մաս կը կազմենք եւ 90 առ հարիւրի համեմատութեամբ կը համաձայնինք, սակայն 10 առ հարիւրի համեմատութեամբ տարբեր ենք: Սակայն կարեւորը կը մնայ կառավարութեան կազմութիւնը: Ո՛չ ոք մեզ պատասխանատու թող նկատէ` կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն խոչընդոտումին: Թո՛ղ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր արդար չափաբաժինով ներկայացուի, եւ մենք այս կառավարութեան մէջ մէկ նախարարով կը ներկայացուինք` իբրեւ կուսակցութիւն», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ցարդ նախարարութեան տեսակին մասին տեղեկութիւն չունի եւ նախարարական թեկնածուներու անուններ չէ ներկայացուցած: «Կեդրոնական կոմիտէն Մուսթաֆա Ատիպի նշանակումին ընթացքին ներկայացուցած է նախարարներու թեկնածուներ, սակայն վարչապետ Հարիրիի հետ այս մասին չէ խօսուած տակաւին», յայտնեց ան:

Վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան մէջ հայ նախարարին ինքնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ մասին վարչապետը իրեն հետ չէ խորհրդակցած, այլեւ` ըստ կարգի ինք ընտրած պէտք է ըլլայ անունը` նախագահ Աունի հետ խորհրդակցաբար: «Հետեւաբար մենք նախարարին ինքնութիւնը չենք գիտեր, եւ ոչինչ խօսուած է մեզի հետ», ընդգծեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ քանի մը օր առաջ այցելած է հանրապետութեան նախագահին եւ բնականաբար կառավարութեան կազմութեան հարցը քննարկած` նախագահ Աունի մօտ շօշափելով լուծման մը յանգելու յոյսը, սակայն ցաւ ի սիրտ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արգելակող խոչընդոտները կը յամենան:

«Մեզի կարելի չէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յատկացուելիք նախարարներուն չափաբաժինին մէջ նկատել: Այս հարցը կ՛արծարծուի այնպէս, որ օրինակ կարելի է Մարատայի նախարարը նկատել Հըզպալլայի կամ Ամալ շարժումի յատկացուելիք նախարարներուն չափաբաժինէն: Մենք` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, պիտի ներկայացուինք մէկ նախարարով», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Նախորդը

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 16-րդ Տարելիցը Կը Վերածուի Անոր Զաւկին` Նշանակուած Վարչապետին Եւ Հանրապետութեան Նախագահին Միջեւ Ցեխարձակումներու Արշաւի

Յաջորդը

Դատական Նիստ Նշանակուած Է Պետական Դաւաճանութեան Հարցով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.