Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 16-րդ տարելիցին առիթով երէկ կէսօրին Պէյրութի Սեն Ժորժ համալիրին դիմաց` Հարիրիի սպանութեան վայրին մէջ տեղադրուած ջահը վառեցաւ, ներկայութեամբ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի:
Այս առիթով Իթանի յայտնեց, որ 16 տարի առաջ ոճրագործներ փորձեցին Լիբանանի դիմագիծը փոխել` սպաննելով Ռաֆիք Հարիրին, «սակայն բարգաւաճման ընթացքը կը շարունակուի Սաատ Հարիրիի քայլերով, եւ մեր յոյսն է, որ Սաատ Հարիրի շարունակէ իր ուղեգիծը», ըսաւ ան:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին այցելած էր Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը եւ յայտնած, որ Հարիրի դաւադրաբար սպաննուած է` աւելցնելով, որ զայն սպաննողը փափաքած է սպաննել Լիբանանը: «Իսկ այսօր անոնք կը շարունակեն Հարիրին սպաննել եւ լիբանանցիները շրջափակել` արգելակելով փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը», ըսաւ ան:
Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ` ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ իր հօրեղբօր` Շաֆիք Հարիրիի, այցելեց իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ 16 տարի է ինք եւ լիբանանցիները կը զգան Ռաֆիք Հարիրիի կորուստը: «Նոյնիսկ անոնք, որոնք կարծեցին, թէ Լիբանանէն աւելի վեր են, 16 տարիէ ի վեր քեզ չեն կրցած մոռնալ: Տակաւին անունդ եւ հայրենիքին համար իսկական ծրագիրդ կը սարսափեցնէ զանոնք», ըսաւ ան:
Հարիրի յայտնեց, որ իր հօր նահատակութեան 16-րդ տարելիցին առիթով կը փափաքի պատասխանել անոնց, որոնք այլ գործով չեն զբաղիր, բացի հարիրիական քաղաքականութիւնը քարկոծելէ. անոնք պէտք է իմանան այդ քաղաքականութեան ազատութեան մասին:
«Հարիրիական քաղաքականութիւնը վերջ տուաւ քաղաքացիական պատերազմին, Լիբանանը վերադարձուց քարտէսի վրայ, վերակառուցեց Պէյրութը, հիմնեց կառավարական հիւանդանոցներ, որոնց լաւագոյն օրինակն է Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը: Հարիրիական քաղաքականութիւնը հիմնեց ազգային համալսարանը, պետական վարժարանները, օդակայանը, Լիբանան բերաւ ներդրողներն ու զբօսաշրջիկները, Միջին Արեւելքի մէջ հաստատեց բջիջային հեռաձայնի առաջին ցանցը եւ այլն: Այս է հարիրիական քաղաքականութիւնը», նշեց ան:
Հարիրի հարց տուաւ այդ քաղաքականութիւնը քննադատողներուն` անոնց նուաճումներուն մասին, Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար անոնց իրագործած նուաճումներուն մասին: «Աստուած ողորմի Ռաֆիք Հարիրիի հոգին, սակայն տիրող կացութիւնը կարելի չէ սրբագրել: Խորքին մէջ կայ առիթ մը` այս կացութիւնը սրբագրելու, սակայն կան նաեւ արգելքներ: Տնտեսութիւնը փլուզուած է, Պէյրութի կարեւոր մէկ բաժինը քանդուած է` Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատճառով: «Քորոնա»-ի համաճարակը կը քանդէ մեր ընտանիքները եւ մեզմէ կը խլէ մեր հարազատները, բարեկամներն ու տարեցները, սպանութիւններու ֆիլմաշարը ընթացքի մէջ է` սկսելով Մարուան Համատէի մահափորձէն, հասնելով մինչեւ Լոքման Սլիմի սպանութիւնը», շեշտեց ան:
Հարիրի յայտնեց, որ Ռաֆիք Հարիրին սպաննող ոճրագործներէն Սելիմ Այյաշի դէմ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը պիտի գործադրուի` ինչքան ալ երկար տեւէ անոր յանձնումը արդարութեան: «Իսկ աւելի կարեւորը այն է, որ սպանութիւններու ֆիլմաշարը պէտք է կանգ առնէ, եւ կանգ պիտի առնէ, այլապէս երկրին մէջ հսկայ խնդիր գոյութիւն կրնայ ունենալ: Ժողովուրդին ցասումը 16 ամիսէ ի վեր պոռթկացած է եւ ծանօթ է բոլորին: Արաբական եւ միջազգային բոլոր տեսակցութիւններուս ընթացքին կը շօշափեմ Լիբանանին օժանդակելու, անոր քանդումը կասեցնելու, Պէյրութը վերակառուցելու եւ լիբանանցիներուն նոր հորիզոններ ընձեռելու պատրաստակամութիւնը, աւելի ճիշդ` խանդավառութիւնը: Այս բոլորը կը սպասեն մէկ կոճակի, որ մասնագէտներէ եւ անկուսակցական նախարարներէ բաղկացող կառավարութեան մը կազմութիւնն է», յայտնեց Հարիրի:
Ան յայտնեց, որ ինք փորձած է բարեկարգումներ իրագործել, սակայն բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուած են: «Սակայն այսօր պահանջուածը երկու բան է. բարեկարգումն ու գործելաոճի փոփոխութիւնը: Փտածութեան դէմ պայքարը կը սկսի բարեկարգումով, որուն շնորհիւ կ՛երաշխաւորուի դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը: Ո՛վ որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛արգելակէ` բարեկարգումներու մեկնարկը կ՛արգիլէ, երկրին քանդումը կասեցնելու քայլերն ու Պէյրութի վերակառուցումը կ՛ուշացնէ, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն տառապանքը կ՛երկարէ, եւ չ՛օժանդակեր վերջ տալու նախկին գործելաոճին եւ մտայնութեան, որոնք երկրին բոլոր տագնապները պատճառած են», հաստատեց ան:
Հարիրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ունեցած իր 14 հանդիպումներէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք, անոր ներկայացուցած է կառավարութեան կազմ մը, որ կը բաղկանայ մասնագէտ եւ անկուսակցական 18 նախարարներէ, որոնք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կրնան իրագործել պահանջուած բարեկարգումները: «Այո՛, այս կազմին մէջ չկայ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ ունեցող կողմ մը: 18 նախարարներէն 6-ը հանրապետութեան նախագահին կը պատկանին: Անոնցմէ մէկը ՀՅ Դաշնակցութեան նախարարն է. մնացեալ 5-էն` 4-ը մասնագէտներ են, ատակ անձնաւորութիւններ, որոնք անկուսակցական են, եւ բոլորը ընտրած եմ նախագահ Աունի տրամադրած նախարարական թեկնածուներու անուանացանկէն, իսկ հինգերորդը` յարգուած, կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մըն է, որ նախագահ Աունի մտերիմ է: Նոյն կազմին մէջ` ներքին գործոց նախարարութեան համար առաջարկեցի պարկեշտ դատախազի մը անունը, որ Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ վճիռներ արձակած է եւ Պաապտային մօտիկ անձնաւորութիւն կը նկատուի: Այս բոլորին մասին հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեան, տրամաբանութեան եւ երկրին ու քաղաքացիներուն շահերուն համաձայն իր դիտողութիւնները ներկայացնելու փոխարէն տեղեկատուութեան մարզին ընդմէջէն պատասխանեց ճառերով եւ հաղորդագրութիւններով», յայտնեց ան:
Հարիրի նշեց, որ ինք կը պատկանի քաղաքական այնպիսի դպրոցի մը, որուն հիմնադիրը 16 տարի առաջ նահատակուած է` ըսելով, որ պէ՛տք է հաշուարկին վերջ տալ եւ քրիստոնեաները նկատել պետութեան կէսը, ի՛նչ ալ ըլլան թիւերը: «Այսօր կը կրկնենք, որ պէ՛տք է վերջ տալ հաշուարկին եւ Սաատ Ռաֆիք Հարիրին չամբաստանել քրիստոնեաներու իրաւունքներուն վրայ յարձակելու յանցանքով: Քրիստոնեաներուն իրաւունքները լիբանանցիներուն իրաւունքներն են, եւ անոնց իրաւունքն է վերջ տալ քանդումին, վերականգնել ու վերակառուցել Պէյրութը, կասեցնել այն աղէտը, որուն պատճառով քրիստոնեաները եւ իսլամները կը խեղճանան, կ՛աղքատանան ու արտագաղթի կը դիմեն: Անոնց իրաւունքն է բարեկարգումներ եւ գործելաոճի փոփոխութիւն վկայել, Կեդրոնական դրամատան եւ պետական բոլոր հաստատութիւններուն, նախարարութիւններուն ու վարչութիւններուն մէջ իրաւական հաշուեքննութեան իրագործումը վկայել», հաստատեց ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ ինք արաբական երկիրներ, շրջանային կամ աշխարհի տարբեր երկիրներ այցելութիւններուն ընթացքին Լիբանանի համար օժանդակութիւն կը փորձէ ապահովել, ինչպէս նաեւ կը փորձէ արաբական երկիրներու հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները բարելաւել, որպէսզի արագ լուծում կարենայ ապահովել, երբ կառավարութիւնը կազմուի, «իսկ կառավարութիւնը պիտի՛ կազմուի: Առանց արաբական եւ միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան, արաբ եղբայրներուն հետ խոր հաշտութեան եւ Ծոցի երկիրներուն վրայ յարձակելու նպատակով Լիբանանը իբրեւ մարտկոց օգտագործելու վերջ տալուն, կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծում ապահովել: Այս տարազը խարսխուած է Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ, եւ մենք` իբրեւ անոր դպրոցին հետեւորդներ, մեր իւրաքանչիւր քայլը անոր սկզբունքներուն հիման վրայ կ՛առնենք` ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն իրագործման», եզրափակեց ան:
Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նշանակուած վարչապետը դարձեալ իր հօր սպանութեան յիշատակը կը շահագործէ` արտասանելով կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին խօսք մը, որ լեցուն է անճիշդ տեղեկութիւններով:
«Նախագահական պալատը մտադիր չէ այդ խօսքին համապարփակ պատասխանել, որովհետեւ կարելի չէ 14 հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները մէկ հաղորդագրութեան մէջ ամփոփել: Բայց եւ այնպէս կ՛արժէ նշել, թէ այն, որուն Սաատ Հարիրի ակնարկեց, բաւարար է հաստատելու, որ ան կառավարութեան կազմութեան ընդմէջէն կը փորձէ Ազգային ուխտէն, սահմանադրութենէն եւ կանոններէն դուրս նոր օրէնքներ պարտադրել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հարիրիի ճառին անմիջապէս պատասխանեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական հարցերու փոխնախագահ Մայ Խրէյշ, որ յայտնեց, թէ Հարիրիին համոզած են, թէ ինքն է ներկայ փուլին յարմարագոյն թեկնածուն եւ փրկարարը: «Առաջին անգամը չէ, որ Սաատ Հարիրի մեզի բարեկարգումի եւ վերակառուցման ցնորքներ կը ներկայացնէ, սակայն այս անգամ ան գերազանցեց ինքզինք: Հետեւաբար հարց կու տանք անոր. «Ի՞նչ ըրիր, երբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ձեռք մեկնեց քեզի` պետութիւնը կերտելու: Փախո՞ւստ տուիր եւ հրաժարեցա՞ր, «Յեղափոխութեան» պատճառաբանութեան ներքեւ: Ի՞նչ փոխուեցաւ, որ վերստանձնեցիր վարչապետի պաշտօնը: Հաւատացի՞ր արդեօք, որ մասնագէտ ես եւ բարեկարգչական»:
Խրէյշ կոչ ուղղեց Սաատ Հարիրին եւս իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու:
Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր եւ Սաատ Հարիրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը քաղաքական քննարկում կարելի չէ նկատել, այլ 14 փետրուարի յիշատակին վերաբերող զրոյց:
Ան յայտնեց, որ Պաապտայի մէջ կայ անհեթեթ մէկը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ կը փափաքի անձնասպան ըլլալ: «Թող ան առանձինն, իր մութ սենեակներուն եւ «սիրելի» փեսային հետ անձնասպան ըլլայ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի խօսքը չփակեց լուծման դռները` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը կը պնդէ, թէ առանց նոր կառավարութեան եւ բարեկարգումներու Լիբանանին օժանդակութիւններ պիտի չտրամադրուին:
Խուրի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ տեղեկատուական սուր մագլցում արձանագրուած է, իսկ նախագահ Աուն պէտք է իր իշխանութիւնը պատշաճ կերպով շարունակէ: «Առանց փոխադարձ գործակցութեան Լիբանան չի կրնար փրկուիլ», ըսաւ Խուրի` նշելով, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւնը պիտի կազմուի: