Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Որեւէ Կապ Պէտք Չէ Ունենայ Ընտրութիւններուն Հետ»

Փետրուար 16, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուար 2021-ին, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի կազմակերպած քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ զրուցելով յայտնեց, որ ահաւոր անվստահութիւն կայ կառավարութեան նկատմամբ, որ միշտ կը ստէ ժողովուրդին: «Ասիկա սուտասաններու, չարիքի կառավարութիւն է, իսկ մեր շարժումը կը շարունակուի, 20 փետրուարին տեղի պիտի ունենան մեր գլխաւոր հաւաքը, բողոքի, անհնազանդութեան շարժումները Երեւանի մէջ եւ Երեւանէն դուրս. օր առաջ այս իշխանութիւնը պէտք է հեռացնենք, որպէսզի փրկենք մեր երկիրը», նշեց ան:

Ըստ Սաղաթէլեանի, խայտառակ յայտարարութենէն ետք կառավարութիւնը նոր փաստաթուղթեր կը ստորագրէ թշնամի երկրին հետ: «Ես կ՛ենթադրեմ, որ հիմա Դաւիթ Բեկ գիւղին հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան, եւ պիտի տեսնենք այն պատկերը, որ եղաւ միւս տարածքներուն պարագային: Ես չունիմ փաստաթուղթեր, բայց կայ տեղեկութիւն, որ հիմա կը քննարկուի այդ հարցը. ասիկա է իրականութիւնը: Այս կառավարութիւնը շատոնց որեւէ առնչութիւն չունի հայ ժողովուրդին հետ եւ անիկա կը սպասարկէ այլ երկիրներու շահերուն», նշեց ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց հանրութեան` փողոց ելլելու եւ ձեւաւորելու նոր կառավարութիւն, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ պիտի կարենայ դիմակայել երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները:

Սաղաթէլեան յայտնեց, որ հանրութիւնը աշխուժ կերպով բողոքի շարժումներուն չի մասնակցիր, որովհետեւ մեծ հիասթափութեան մէջ է: Ըստ անոր` իրենց նպատակին հասնելու համար կան քանի մը ծրագիրներ, բայց իրենք տակաւին կ՛ընթանան առաջին ծրագիրով` համաժողովրդական զանգուածային ճնշման տակ հեռացնել այս իշխանութիւնները:

Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց նաեւ, որ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պէտք է պատշաճ կերպով արձագանգէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ քաղաքական այն որոշումներուն վրայ, որոնք զիջումներ կը պարտադրեն: Արտահերթ ընտրութիւններու առումով ան շեշտեց, որ Փաշինեան որեւէ կապ պէտք չէ ունենայ ընտրութիւններուն հետ:

Նախորդը

Սերժ Սարգսեան. «Մենք Երբեք Չենք Բանակցած Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Տանք, Մենք Միշտ Բանակցած Ենք Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Ստանանք»

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեան. «Փաշինեան Ինչպէ՞ս Կրնայ Շարունակել Հայաստանի Ղեկավարութիւնը»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 20, 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած Եւ Աջակցած Թեկնածուները 100 Առ Հարիւր Յաջողեցան
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած Եւ Աջակցած Թեկնածուները 100 Առ Հարիւր Յաջողեցան

Մայիս 20, 2025
Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին.  Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք  Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ,  Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»
Գլխաւոր լուրեր

Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ, Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»

Մայիս 20, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?