Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեան Հայաստանը Կը Վերածէ Ուղղակի Թուրքիայէն Կախեալ Պետութեան»

March 31, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վստահ չեմ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը այս տարի պիտի փոխէ Սպիտակ տան քաղաքականութիւնը», «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ Թուրքիոյ հետ թշնամական մօտեցման վերանայման մասին խօսիլը փո՞րձ է` կանխելու Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Ապրիլ 24-ին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումը` Կիրօ Մանոյեան յոյս յայտնեց, որ Պայտըն այս հարցին գծով փոխէ Սպիտակ տան մերժողական քաղաքականութիւնը` աւելցնելով, որ այս հարցով Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քաղաքական հաւանական առեւտուրը պէտք չէ բացառել: Արդարեւ, եթէ Պայտըն փոխէ Սպիտակ տան քաղաքականութիւնը, փոխարէնը Հայաստանի իշխանութիւններէն բան մը պիտի ստանայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող, բայց, Մանոյեան այն կարծիքին է, որ այս յայտարարութիւններուն պատճառը անկէ աւելի ծանր է` այս իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց քաղաքականութիւնը` ազգային ամէն բանի դէմ կենալու:

«Իսկ ասիկա, մեղմ խօսելով, անհասկնալի մօտեցում է, որովհետեւ անկէ քանի մը ամիս առաջ` յուլիսին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան փաստաթուղթին մէջ ուրիշ բաներ կ՛ըսէին… բայց նորութիւն չէ, որ այս իշխանութիւնները բան մը ըսեն, ուրիշ բան ընեն», արձանագրեց Կիրօ Մանոյեան:

Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար շարք մը նախապայմաններ կը դնէ` Արցախի եւ Ցեղասպանութեան հարցերէն հրաժարում, երկկողմանի սահմաններու հաստատում եւ այլն: Կիրօ Մանոյեան նկատել տուաւ, որ եթէ այս ձեւով ընթանանք, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները այդ նախապայմանները ոչ թէ թաքուն ձեւով պիտի ընդունին, այլ բացայայտ:

«Եւ երբ վարչապետը այնքան անգիտակ կ՛երեւի, որ իր դիմաց բերուած ժողովուրդին եւ երեխաներուն հռետորական հարց կու տայ` «այդ ուրկէ՞ սկսաւ, ե՞րբ սկսաւ, որ մենք անոնց թշնամի կը նկատենք, անոնք մեզի թշնամի®»: Եթէ իսկապէս չի գիտեր, շատ դիւրին կրնանք իրեն պարզել, յիշեցնել, բայց ես չեմ կարծեր, որ ինք որեւէ բան յիշելու, հասկնալու ցանկութիւն ունի, տրամադրութիւն ունի, որովհետեւ իր առաքելութիւնը ուրիշ է: Քանի երկարի անոր` վարչապետի աթոռին կառչած մնալը, բացայայտ համոզմունք կը դառնայ, որ իր կատարածները դաւաճանական արարքներ են», շեշտեց Մանոյեան:

Թուրքիան կը պատկերացնէ, որ եթէ ըլլայ հայկական պետութիւն, պիտի ըլլայ ոչ թէ ինքնիշխան, այլ իրմէ կախեալ` նկատել տուաւ Կիրօ Մանոյեան: Այն, ինչ որ հիմա կ՛ընէ Փաշինեան, անոր համոզումով, ճիշդ այդ է` Հայաստանը վերածել ուղղակի Թուրքիայէն կախեալ պետութեան, եւ այդ քաղաքականութեան գործադրութիւնը, ըստ Մանոյեանի, ո՛չ միայն հայութեան ու Հայաստանին պիտի վնասէ, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին:

Հայաստանի իշխող խմբակի հակահայ այս յայտարարութիւնները, ըստ Մանոյեանի, կը վնասեն Հայ դատի հետապնդման համաշխարհային հոլովոյթին: Այս պատճառով ալ Դաշնակցութեան Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը 29 մարտին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ` ընդգծելով, որ որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն անվտանգութիւնը, ազգային ու պետական համազգային շահերը, այս իշխանութիւնները վայրկեան առաջ պէտք է հեռանան, որովհետեւ այդ բոլորին համար առաջին խոչընդոտը այսօր իրենք են:

«Եւ ուրեմն, նման իշխանութեամբ ուրիշներու հետ աշխատանք կարելի չէ տանիլ: Այս իշխանութիւնները կրնան ըսել` ո՞վ ըսաւ, որ ձեր ըսած ուղղութիւններով պէտք է աշխատիլ, ատիկա ալ արդէն քաղաքական կեցուածքի խնդիր է», նշեց ան:

Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ այդ մարդիկ պէտք է հասկնան, որ այս քաղաքականութեամբ իրենք անկարելի կը դարձնեն այդ աշխատանքը, որովհետեւ կարելի չէ, օրինակ, Հայ դատի յանձնախումբը մարդոց  ծանօթացնէ, ներկայացնէ Հայաստանէն եկած կամ գացած պատգամաւորները, որոնք ո՛չ միայն Հայ դատի յանձնախումբերուն ըսածին հակառակը պիտի ըսեն, այլ նաեւ անցեալ տարուան յուլիսին իրենց իսկ որդեգրած Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ նշուածներուն 180 աստիճան հակառակ բաներ կ՛ըսեն այսօր:

Նախորդը

«Ճերուզալեմ Փոսթ». Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ժամանակը Հիմա Է, Պայտըն Կրնայ Ուղղել Պատմական Սխալը

Յաջորդը

Աղեղնախաչբառ Թիւ 18-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.