Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Շուշիի Ազատագրութեան Գործողութեան Կազմակերպիչ Զօրավար-Արկադի Տէր Թադեւոսեան

Ապրիլ 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 մարտ 2021-ին 81 տարեկանին մահացաւ Արցախի հերոս, զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս): Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն:

Արկադի Տէր Թադեւոսեան ծնած է 22 մայիս 1939-ին, Թիֆլիսի մէջ: Ան աւարտած է Պաքուի զինուորական ուսումնարանը, այնուհետեւ` Լենինկրատի փոխադրամիջոցներու եւ թիկունքի զինուորական ակադեմիան: 1988-էն միացած է Արցախի ազատագրական պայքարին եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած կամաւորականներու զինուորական մարզումի գործին մէջ: 1990-ին դարձած է «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորական ջոկատի անդամ: 1991-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժինի պետ: 30 հոկտեմբեր 1991-ին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ իրականացած ռազմական գործողութեան շնորհիւ ազատագրեցին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Հատրութի շրջանի Տող գիւղը: Մայիս 1992-ին աշխուժ մասնակցութիւն  ունեցած է Շուշի քաղաքի ազատագրութեան ռազմական գործողութեան նախապատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ:

Արկադի Տէր Թադեւոսեանի մահուան առիթով ցաւակցական ուղերձներ յղած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

Ցաւակցական ուղերձներ յղած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը: Նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ցաւակցագիրին մէջ նշուած է.

«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն` զօրավար-հրամանատարի մահուան առիթով:

Մեծ է նուիրեալ հրամանատարին աւանդը Արցախի շարք մը բնակավայրերու ազատագրութեան ռազմական գործողութիւններու  նախապատրաստման աշխատանքներուն եւ բուն գործողութիւններու  կազմակերպման գործին մէջ: Անոնց կարգին առանձնայատուկ տեղ կը  գրաւէ Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը` հայոց ռազմարուեստի թագն ու պսակը:

Խորապէս կը ցաւինք, որ մեծանուն զօրավար-հրամանատարը կեանքին հրաժեշտ տուաւ` սիրելի բերդաքաղաքը եւ Արցախի մեծագոյն հատուածը դաւադրաբար թշնամիին յանձնուած տեսնելով:

Խոնարհո՛ւմ Արցախի, հայոց անառիկ Շուշիի համար կեանք նուիրած բոլոր հայորդիներու յիշատակին:

Քոմանտոսին անցած հերոսական ճամբան ուղենիշ պիտի դառնայ հայ նորօրեայ սերունդին համար:

Հրամանատարին գործը պիտի՛ շարունակուի: Փա՛ռք հերոսներուն»:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հաւատաւոր Դաշնակցական Եւ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Արցախի Մնայուն Ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը

Յաջորդը

Ակնարկ. Դարպասները Բանալու Համար Նախապայմանները Կը Վերադառնան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?