Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճերուզալեմ Փոսթ». Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ժամանակը Հիմա Է, Պայտըն Կրնայ Ուղղել Պատմական Սխալը

Մարտ 31, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաւանական ճանաչումը քայլ է` պատմական սխալը ուղղելու ճամբուն վրայ: Այս մասին գրած է «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի լրագրող Էմիլի Շրետըր:

Հեղինակը իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերող դրական ազդակներուն` ընդգծելով, որ Իսրայէլը մինչեւ օրս կը հրաժարի ճանչնալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին քրիստոնեայ հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը:

«Իսրայէլի պարագային` կառավարութիւնը կը հրաժարի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ` Թուրքիոյ հետ անկայուն, սակայն ռազմավարական-քաղաքական յարաբերութիւններուն պատճառով: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան շանթաժի ենթարկած է ժողովուրդները եւ սպառնացած է անոնց, նոյնիսկ երբ անոնք քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարելիութիւնը», գրած է Շրետըր: Ան նկատել տուաւ, որ եթէ նախապէս Իսրայէլ կախուածութիւն ունէր Թուրքիայէն` իբրեւ միակ իսլամ երկիր, որուն հետ անիկա կը համագործակցէր եւ ունէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ապա արդէն տասնամեակներ է, որ Թուրքիան ակնյայտ թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ այդ երկրին նկատմամբ` բռնապետ ու իսլամական նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:

«Այսօր Իսրայէլ նուազ կախեալ է Թուրքիայէն, յատկապէս արաբական պետութիւններուն հետ զարգացող յարաբերութիւններու լոյսին տակ: Այսուհանդերձ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ աներկբայօրէն պատմութեան ճիշդ կողմը կանգնելու փոխարէն, Իսրայէլի կառավարութիւնը նոյնիսկ այսօր «վաճառեց» հայ ժողովուրդը` Ազրպէյճանին զէնք վաճառելով, որպէսզի այդ երկիրը ռմբակոծէ հայկական քաղաքները:

Յօդուածագիրը կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ամէնէն սարսափելի ձեւով կազմակերպուած ցեղասպանութիւնն էր, որուն այն ժամանակ ականատես եղաւ աշխարհը, եւ ատիկա կատարուեցաւ ոչ թէ պատերազմի պարունակին մէջ, այլ ուղղակի այն պատճառով, որ հայերը քրիստոնեայ էին:

Ան բացարձակապէս անտրամաբանական կը նկատէ այն, որ բազմաթիւ երկիրներ մինչեւ օրս թոյլ կու տան Թուրքիոյ` օգտագործել իր աշխարհաքաղաքական դիրքը` ստիպելով անոնց հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն:

«Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան աշխուժ ձեւով հետապնդած է այն անձերը, որոնք երկրին մէջ ճանչցած են ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ ոչնչացուցած է ապացոյցներ: Նախապէս նոյնիսկ բանտարկած է ակադեմականներ, որոնք համաձայն էին Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանել ցեղասպանութիւն:

«Մինչ Գերմանիոյ մէջ, որուն աշխարհը պատասխանատուութեան կանչեց, հակաօրինական է Ողջակիզումի հերքումը, Թուրքիան անօրինական դարձուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը չժխտելը, եւ ամբողջ աշխարհը յանցակից դարձուցած է` թոյլ տալով այդպէս վարուիլ:

«Եթէ առաջին իսկ օրէն աշխարհի նոյնիսկ փոքրաթիւ գերտէրութիւններ ճանչնային Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսօր մենք կ՛ապրէինք լրիւ այլ իրականութեան մէջ, ուր աւելի փոքր երկիրները չէին վախնար ճանչնալէ ակնյայտ պատմական փաստերը:

«Պայտընի վարչակազմին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ բարոյապէս անհրաժեշտ ուղերձ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Հայաստանի ժողովուրդին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին: Ճանաչման ժամանակը հիմա է», կ՛եզրափակէ յօդուածագիրը:

Նախորդը

Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Ծնողները Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեան Հայաստանը Կը Վերածէ Ուղղակի Թուրքիայէն Կախեալ Պետութեան»

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?