Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

«Պահանջատիրական նոյն ոգիով. մենք` լիբանանահայութիւն» խորագիրով ձեռնարկով մը լիբանանահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, 24 ապրիլ 2021-ին, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն ս. նահատակներուն նուիրուած ս. պատարագէն անմիջապէս ետք:   Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՌԱԿ-ին եւ ՀՅԴ-ին, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ տէրն է իր պահանջատիրական...

Ապրիլ 24-ը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Եթէ Սփիւռքի Կողմէ Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կը Նկատուի Խանգարիչ, Մենք Հպարտ Ենք ու Յանձնառու Այդ Դերը Շարունակելու» Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 24-ը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Եթէ Սփիւռքի Կողմէ Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կը Նկատուի Խանգարիչ, Մենք Հպարտ Ենք ու Յանձնառու Այդ Դերը Շարունակելու» Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատարագը մատուցեց Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ սրբոց նահատակաց Բարեխօսական կարգը` նախագահութեամբ կաթողիկոսին, որ ապա յղեց իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը առիթը բնութագրեց` ըսելով. «Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 24 Ապրիլին Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 24 ապրիլին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հայ ժողովուրդն ու արդարութեան եւ իրաւունքին զօրակցող իւրաքանչիւր անձ այսօր կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը: Բազմաթիւ երկիրներ, որոնց շարքին` մարդկութեան դէմ այդ ոճիրին ականատես դարձած եւ իրենց կարգին օսմանեան անիրաւութիւնն ու ոճրագործութիւնը ճաշակած Լիբանանն ու Սուրիան, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ելոյթը՝ Ապրիլ 24-ին Սուրիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ելոյթը՝ Ապրիլ 24-ին Սուրիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի արտակարգ երկրորդ նստաշրջանի 7-րդ նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի առթիւ ելոյթ ունեցաւ: Արիսեան, իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին հայերը տակաւին կը բախուին միջազգային հանրութեան, որ դերացած է իր դերը կատարելու միջազգային իրաւունքի հայեցակարգերու եւ ճնշուած ժողովուրդներու արդար դիրքորոշումներու խթանման գործով: Ան հաստատեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոն Կ՛ողջունէ Նախագահ Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաստատող Ուղերձը

  Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ 24 ապրիլ 2021-ը պատմական օր է հայութեան համար: Պատմական օր է, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի օրը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը, յանձին նախագահ Ճօ Պայտընի, պաշտօնապէս վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այսպիսով, փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անցան շարքին այն բազմաթիւ երկիրներուն, որոնց ո՛չ միայն օրէնսդիր, այլ նաեւ գործադիր իշխանութիւնները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին...

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, այսօր՝ 24 ապրիլ 2021-ին,  այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն։ Նախագահ Աունի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն արաբերէնով ընթերցեց նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ըսելով....

Խմբագրական.   Սեփական Ուժն Է, Որ Կը Կանխարգիլէ Ցեղասպանութիւնը

Խմբագրական. Սեփական Ուժն Է, Որ Կը Կանխարգիլէ Ցեղասպանութիւնը

Հայկական աշխարհը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով համավարակի պատճառով ստեղծուած սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ կը վերանորոգէ պահանջատիրական իր յանձնառութիւնները: Աշխարհը ամբողջ տենդագին լծուած է համավարակի մահացութիւնն ու վարակումը կանխարգիլող պատուաստանիւթերու զանգուածային տարածման աշխատանքին: Մարդկային կեանքեր փրկելու արդիւնաբերական եւ ճարտարարուեստականացած այս մրցավազքը, սակայն, այլ հարցադրումներ կը ստեղծէ: Մարդկութիւնը ինչո՞ւ նոյն տենդագին մղումներով չ՛ուզեր կանխարգիլել ցեղասպանական գործողութիւններու...

Ընդդիմութեան Հանրահաւաք`  Առ Ի Պաշտպանութիւն Սիւնեցիներու

Ընդդիմութեան Հանրահաւաք` Առ Ի Պաշտպանութիւն Սիւնեցիներու

Երէկ` հինգշաբթի, 22 ապրիլին, Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպեց` առ ի պաշտպանութիւն քաղաքական հետապնդման ենթարկուող սիւնեցիներուն: Հանրահաւաքին մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել Սիւնիքի շարք մը համայնքապետներ, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուած էին 21 ապրիլին Սիւնիքի տարբեր վայրերու մէջ Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի արտայայտութիւններուն պատճառով: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր մենք...

Կիրօ Մանոյեան. «Այս Իշխանութիւններու  Իւրաքանչիւր Օրը Վտանգաւոր Է  Հայ Ժողովուրդին Համար»

Կիրօ Մանոյեան. «Այս Իշխանութիւններու Իւրաքանչիւր Օրը Վտանգաւոր Է Հայ Ժողովուրդին Համար»

«Ալիեւը կը սպառնայ ուժով միջանցք բանալ Սիւնիքի մէջ, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը ո՛չ միայն չի պաշտպաներ սիւնեցիին անվտանգութիւնը, այլ հակառակը` զայն կը խանգարէ իր ներքաղաքական հաշուարկներով` կոտրելով սիւնեցիին քաղաքական կամքը»,  «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի «Օրախնդիր» հաղորդումի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով. «Վարչապետի աթոռին կառչածը հաւատացած է, որ այլ մարզեր իր...

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական  Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու  «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Նոր վարչապետի նշանակումէն վեց ամիս ետք, Լիբանան տակաւին կը տապլտկի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական ու  առողջապահական մտահոգիչ վերիվայրումներու մէջ: Վերջին օրերու դատական հայցերու հետապնդման քայլերը, հակառակ իրենց ստեղծած խոստմնալից տպաւորութեան, դժբախտաբար շուտով վերածուեցան ապահովական խաղաքարտի` սպառնալով երկիրը մղել դէպի իսկական փլուզում: Հոսկէ` տարբեր կողմերու ղեկավարներու անհատական ճիգերը, հարցերը հարթելու իրենց «սեփական» նախաձեռնութիւններով: Սակայն այս բոլորին առընթեր, նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի...

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին,  ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Այցելութիւն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Նաթան արք. Յովհաննիսեան: Շուրջ մէկ ժամ...

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր  Ուղղութիւններով Ուժականութեան  Ձեւաւորման Գործընթացը»  Հաստատեց Մինաս Լուռեան

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր Ուղղութիւններով Ուժականութեան Ձեւաւորման Գործընթացը» Հաստատեց Մինաս Լուռեան

«Ազդակ»-ի 28-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց Իտալիոյ մէջ գործող «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ի տնօրէն Մինաս Լուռեան: Նիւթ` «Միջազգային մշակութային կարեւոր մայրաքաղաքներէն` Վենետիկի մէջ գործող մասնագիտական անկախ կառոյցի մը ներկայի մարտահրաւէրներ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը ներկայացուց կեդրոնի պատմականը, թեւակոխած փուլերը եւ այն բնագաւառները, որոնց ուղղութեամբ ծանօթացման մասնագիտական աշխատանք տարած է: Ճարտարապետականէն երաժշտագիտական եւ հրատարակչական,...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը  Մեր Բոլորին Մտքի Եւ Խղճի Պարտքն Է»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը Մեր Բոլորին Մտքի Եւ Խղճի Պարտքն Է»

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, զոր վարեց ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Կլոր սեղան-քննարկումին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ պէտք է զգօն ըլլալ, որ որեւէ իշխանութիւն` Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն` դուրսը չհամարձակի խնդրոյ...

Նիկոլ Փաշինեանը Հանգիստ  Պիտի Չունենայ Հայոց Հողին Վրայ

Նիկոլ Փաշինեանը Հանգիստ Պիտի Չունենայ Հայոց Հողին Վրայ

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սիւնիք, սակայն սիւնեցիները չարտօնեցին, որ ան այցելէ համայնքներ: Փաշինեանի այցելութեան ընթացքին բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Սիւնիքի տարբեր համայնքներուն մէջ, ուր քաղաքացիները վանկարկեցին «Նիկոլ դաւաճան», «թուրք» եւ «հողատու»: Շուռնուխցիները նոյնպէս բողոքի ցոյցերով փակեցին Փաշինեանի դիմաց դէպի իրենց շրջանները տանող ճամբաները: Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանէն եւ Հայաստանի ոստիկանապետ...

Ամենայն Հայոց Գարեգին  Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէջ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ համահայկական ծրագիրներու ընթացքին ու արդիւնքներուն:    

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական  Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական-հասարակական յայտնի գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը հանգուցեալ գործիչին մասին, ապա Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին դամբանական...

«Դարերու Վրէժը». «Նեմեսիս»-ի  100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

«Դարերու Վրէժը». «Նեմեսիս»-ի 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երէկ` երեքշաբթի, 20 ապրիլ 2021-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարերու վրէժը» խորագիրով պատմագեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 100-ամեակին եւ Հայ դատի արդար պայքարի միւս մարտիկներուն: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ արժեւորեց Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները հրապարակային ձեւով պատժելու գործողութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ հայ ազգի վրէժի ու հայրենիքի կարօտի...

Նաղդալեան Կը Դատապարտէ Ալիեւի  Յայտարարութիւնը.  «Նման Յայտարարութիւնները Լրջօրէն  Կը Վնասեն Շրջանային Խաղաղութեան»

Նաղդալեան Կը Դատապարտէ Ալիեւի Յայտարարութիւնը. «Նման Յայտարարութիւնները Լրջօրէն Կը Վնասեն Շրջանային Խաղաղութեան»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահի «101 տարի անց Զանգեզուր վերադառնալու» յայտարարութեան: «Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ազրպէյճանի նախագահի նկրտումները եւ ուժ կիրարկելու սպառնալիքները: Նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան: Անոնք կը բացայայտեն խաղաղութեան եւ հաշտութեան վերաբերեալ վերջին ժամանակներուն Ազրպէյճանի յայտարարութիւններուն սին եւ կեղծ բնոյթը: Յատկանշական է, որ նման...

Պայտընի Գրասենեակը Արձագանգելով  Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ  Հայ Պատմաբաններու Նամակին`  «Ուշադիր Պիտի Ուսումնասիրենք Նամակը  Եւ Պիտի Աշխատինք Ընթացք Տալ»

Պայտընի Գրասենեակը Արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Հայ Պատմաբաններու Նամակին` «Ուշադիր Պիտի Ուսումնասիրենք Նամակը Եւ Պիտի Աշխատինք Ընթացք Տալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի գրասենեակը արձագանգած է Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելու վերաբերեալ հայ պատմաբաններու նամակին: «Արմէնփրես»¬ի հաղորդումով` այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան: «Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր¬սեղան քննարկման ժամանակ Աշոտ Մելքոնեան հրապարակած է ամերիկեան վարչակազմի նամակագրութեան բաժինէն ստացուած պատասխանի բովանդակութիւնը: Նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի եւ փոխնախագահ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասաւ Հայաստան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասաւ Հայաստան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, երէկ կէսօրէ առաջ հասաւ Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի հետ: Բարի գալուստի հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ Կ. Գիլոյեան քննարկեցին...

Page 374 of 797 1 … 373 374 375 … 797

Արխիւներ