Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Ամփոփեց Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

June 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կազմեց եւ ստորագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն արձանագրութիւնը, ըստ որուն` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 53,91 առ հարիւր ձայները, «Հայաստան» դաշինքը` 21,09 առ հարիւրը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը` 5,22 առ հարիւրը:

Այս մասին ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած յանձնախումբի արտահերթ նիստին:

Տիգրան Մուկուչեանը ներկայացուց Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքներուն վերաբերեալ կազմուած արձանագրութիւնը:

«Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կ՛արձանագրէ` ընտրողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընդհանուր թիւը` 2.591.316, քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասին մէջ կազմուած ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը` 1245, շրջիկ արկղով քուէարկող ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը` 2451, ելեկտրոնային եղանակով քուէարկութեան մասնակցած ընտրողներու թիւը` 500, ընտրողներու ընդհանուր թիւը` 2.595.512: Քուէարկութեան մասնակիցներու ընդհանուր թիւը` 1.281.997 կամ 49,39 առ հարիւր: Անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը 4593 է», ըսաւ Մուկուչեան:

Այնուհետեւ ան ներկայացուց կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու կողմ քուէաթերթիկներու թիւերը:

«Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն- 3914 կամ 0,31 առ հարիւր
«Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւն- 19.691 կամ 1,54 առ հարիւր
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն- 688.761 կամ 53,91 առ հարիւր
«Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն- 4619 կամ 0,36 առ հարիւր
«Ազատութիւն» կուսակցութիւն- 1844 կամ 0,14 առ հարիւր
«Պատիւ ունեմ» դաշինք- 66.650 կամ 5,22 առ հարիւր
«Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւն- 964 կամ 0,08 առ հարիւր
«Համահայկական ազգային պետականութիւն» (ՀԱՊ) կուսակցութիւն- 803 կամ 0,06 առ հարիւր
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն- 15.591 կամ 1,22 առ հարիւր
«Մեր տունը Հայաստանն է» կուսակցութիւն- 12.149 կամ 0,95 առ հարիւր
«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն- 38.758 կամ 3,03 առ հարիւր
«Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւն- 13.130 կամ 1,03 առ հարիւր
«Ազատ հայրենիք» դաշինք- 4119 կամ 0,32 առ հարիւր
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն- 50.444 կամ 3,95 առ հարիւր
Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն- 5020 կամ 0.39 առ հարիւր
«5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն- 15.549 կամ 1,22 առ հարիւր
«Քաղաքացու որոշում սոցիալ դեմոկրատական» կուսակցութիւն- 3775 կամ 0,3 առ հարիւր
«Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարներու դաշինք» դաշինք- 19.212 կամ 1,5 առ հարիւր
«Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւն- 719 կամ 0,06 առ հարիւր
«Վերելք» կուսակցութիւն- 1233 կամ 0,1 առ հարիւր
«Ազատական» կուսակցութիւն- 14.936 կամ 1,17 առ հարիւր
«Հայաստանի Եւրոպական» կուսակցութիւն- 2440 կամ 0,19 առ հարիւր
«Հայաստան» դաշինք- 269.481 կամ 21,09 առ հարիւր
«Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն- 18.976 կամ 1,49 առ հարիւր
«Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութիւն- 3915 կամ 0,31 առ հարիւր

Անճշդութիւններու գումարային չափը 973 է:  Յանձնախումբի բոլոր անդամները ստորագրեցին արձանագրութիւնը:

 

Նախորդը

Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակեն Մեղմ Թափով Յառաջանալ, Իսկ Վառելանիւթի Սակը Կը Գտնուի Ճշդուելու Սեմին

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.