Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Փաստը Եւ Կը Դատապարտէ Թուրքիան` Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւններուն Աջակցելուն Համար

19 մայիսին, Եւրոպական խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընթացքին Թուրքիոյ վերաբերեալ իր զեկուցումին մէջ վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր կոչը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու որեւէ հակահայկական քարոզչութենէ ու ատելութեան խօսքէ եւ լիարժէքօրէն յարգելու հայկական մշակոյթը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնները: Զեկուցումին մէջ քանի մը անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Արցախի տագնապին մէջ Թուրքիոյ բացասական դերին. - Կը դատապարտուի այն փաստը,...

Արթուր Խաչատրեան. «Նոր Քաղաքական  Ուժերը Թոյլ Պիտի Չտան, Որ Հայաստանի  Սահմանը Այսպէս Հանգիստ Բզկտեն»

Արթուր Խաչատրեան. «Նոր Քաղաքական Ուժերը Թոյլ Պիտի Չտան, Որ Հայաստանի Սահմանը Այսպէս Հանգիստ Բզկտեն»

Ազրպէյճան կը հասկնայ, որ 20 յունիսէն ետք նոր քաղաքական ուժերը թոյլ պիտի չտան Հայաստանի տարածքը այսպէս հանգիստ կերպով բզկտել: Այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան` «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խնդիրներ. յետպատերազմեան իրավիճակ, անվտանգային հրամայականներ, ներքաղաքական հիմնահարցեր, նախընտրական զարգացումներ» նիւթով քննարկումի ընթացքին: Ան նշեց, որ իրենք կը զգուշացնէին` մէկ պարտութիւնը բազմաթիւ նոր պարտութիւններու դուռ պիտի բանայ, որովհետեւ ան,...

Քանատան Յաւելեալ 1 Միլիոն Տոլարի  Օգնութիւն Կը Տրամադրէ Արցախի  Հանրապետութեան Մէջ Մարդասիրական Աշխատանքներու Իրականացման Համար

Քանատան Յաւելեալ 1 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Կը Տրամադրէ Արցախի Հանրապետութեան Մէջ Մարդասիրական Աշխատանքներու Իրականացման Համար

ՀՅԴ Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կարնօ եւ  Միջազգային զարգացման նախարար Քարինա Կուլտ յայտարարած են, որ Քանատան կը շարունակէ աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տագնապի լուծման ջանքերուն եւ խորապէս յանձնառու է անոր  վնասներու հետեւանքներու վերացման գործին: Հիմք ընդունելով 2020-ի պատերազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Քանատայի կողմէ տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը` պաշտօնական Օթթաուան լրացուցիչ 1 միլիոն ամերիկեան...

Ուեհպէ Խնդրեց Զինք Պաշտօնազրկել.  Զէյնա Աքըր Նշանակուեցաւ Արտաքին  Գործոց Նախարարի Գործակատար

Ուեհպէ Խնդրեց Զինք Պաշտօնազրկել. Զէյնա Աքըր Նշանակուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, որմէ ստացաւ զինք պաշտօնազրկելու խնդրագիր մը: Հանդիպումէն ետք Ուեհպէ յայտնեց, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն լոյսին տակ եւ առ ի յանձնառութիւն, որ այդ յայտարարութիւնները չշահագործուին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ, այցելած է հանրապետութեան նախագահին եւ անոր ներկայացուցած արտաքին գործոց նախարարի իր պատասխանատուութենէն պաշտօնանկ ըլլալու խնդրագիր...

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակ Գիտաժողովի Նիւթեր (21-23 Մարտ 2018)» Ժողովածուի Շնորհահանդէս

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակ Գիտաժողովի Նիւթեր (21-23 Մարտ 2018)» Ժողովածուի Շնորհահանդէս

18 Մայիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին  շնորհահանդէսը: Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս: Հոն ամփոփուած են մարտ 2018-ի  Մեծի Տան Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ գիտաժողովին զեկուցում-յօդուածները, զորս ներկայացուցած են  Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան...

Հայաստանը Թուրքիոյ Դէմ Միջպետական  Գանգատ Ներկայացուցած Է ՄԻԵԴ-ին

Հայաստանը Թուրքիոյ Դէմ Միջպետական Գանգատ Ներկայացուցած Է ՄԻԵԴ-ին

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 9 մայիսին միջպետական գանգատ ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին  սուրիացի վարձկաններ հաւաքագրելու եւ Ազրպէյճան տեղափոխելու միջոցով համաձայնագիրներու խախտումներ թոյլ տալու, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ, որ նոյնպէս համաձայնագիրներու խախտում է: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը: «Մասնաւորապէս Հայաստանի կառավարութիւնը կը պնդէ, որ Թուրքիան խախտած է Արցախի...

«Կան Հարցեր, Որոնք Հանրային Քննարկման Առարկայ Դարձնել Նպատակայարմար Չէ»

Վահրամ Բալայեան. «Սպասելի Էր, Որ Արցախի Մեծ Մասը Կորսնցնելէ Ետք Սիւնիքի Մէջ Նման Իրավիճակ Պիտի Ստեղծուէր»

Բազմաթիւ մասնագէտներու կարծիքով` ազրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու հատուածներուն մէջ թշնամիին յառաջխաղացքը կրնայ ազդել նաեւ Արցախի մէջ ընդհանուր իրավիճակին վրայ: Ըստ անոնց, հայ-ազրպէյճանական սահմանին թշնամիին սադրանքները նպատակ ունին նաեւ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել Արցախի հարցէն: «168.ամ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս նիւթին մասին խօսեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան: Ըստ անոր,...

Շոյկուն` Յարութիւնեանին.  «Մոսկուան Պիտի Գործադրէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Իրադրութեան Խաղաղ  Հանգուցալուծման Բոլոր Ջանքերը»

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութիւնը Համեմատաբար Հանգիստ Է»

Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին 12-13 մայիսին կատարուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 18 մայիսի երեկոյեան դրութեամբ, փոփոխութիւն չէ ունեցած: Իրադրութիւնը, համեմատաբար, հանգիստ է: Երէկ` երեքշաբթի, 18 մայիս 2021-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ նախարարութիւնը կարեւոր կը նկատէ խնդիրի խաղաղ լուծումը եւ բարձր կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ տարբեր երկիրներու ու միջազգային կառոյցներու կողմէ ներդրուած...

Ուեհպէ. «Շրջանին Մէջ Կայունութիւն Հաստատելու  Մեկնարկը Միջին Արեւելքի Մէջ Արդար  Եւ Ամբողջական Խաղաղութեան Հաստատումն Է»

Ուեհպէի Գայթակղեցուցիչ Յայտարարութիւնները Լարուածութիւն Կը Ստեղծեն Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Երկիրներուն Յարաբերութիւններուն Մէջ

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի կողմէ նախանցեալ երեկոյեան «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած մէկ յայտարարութիւնը ստեղծեց հսկայական գայթակղութիւն մը, որ լարուածութիւն ստեղծեց Լիբանանի հետ Արաբական ծոցի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: «Սիրոյ, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան երկիրները ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը եւ պատճառ դարձան, որ այդ խմբաւորումը յայտնուի Նինուէի, Անպարի եւ Թըտմորի մէջ», ըսաւ Շարպել: Այս արտայայտութիւնը յառաջացուց...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց  ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` երեքշաբթի, 18 մայիս 2021-ին այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տուն: ՔԱՀԼ-ի մուտքին պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ մամիկ մը ծաղկեփունջով դիմաւորեցին Վ. Օհանեան-Գէորգեանը: Ապա անոնք բարձրացան հիւրանոց, ուր նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպեցաւ մամիկներուն: Պատուելի Թերզեան բարի գալուստ մաղթեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, որ իր կարգին գնահատեց հաստատութեան մէջ տարուած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց...

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար. «ԵԱՀԿ-ն  Պիտի Շարունակէ Բարձրացնել Բոլոր Գերիներու  Վերադարձի Խնդիրները»

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար. «ԵԱՀԿ-ն Պիտի Շարունակէ Բարձրացնել Բոլոր Գերիներու Վերադարձի Խնդիրները»

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտ պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ ուշադրութեամբ ուսումնասիրած է նախագահ Սարգսեանի նշած խնդիրները, զանոնք ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն:...

Շոյկուն` Յարութիւնեանին.  «Մոսկուան Պիտի Գործադրէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Իրադրութեան Խաղաղ  Հանգուցալուծման Բոլոր Ջանքերը»

Շոյկուն` Յարութիւնեանին. «Մոսկուան Պիտի Գործադրէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութեան Խաղաղ Հանգուցալուծման Բոլոր Ջանքերը»

Երէկ` երկուշաբթի, 17 մայիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը` Հայաստանի իր պաշտօնակիցէն Հայաստանի սահմանային իրադարձութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, հաստատեց, որ Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին, եւ որ...

Լաւրով. «Սիւնիքի Վերաբերեալ  Համաձայնութիւն Գոյացած Է»

Լաւրով. «Սիւնիքի Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացած Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Սիւնիքի մարզի կացութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այնտեղ ո՛չ մէկ կրակոց արձակուած է, ո՛չ մէկ բախում տեղի ունեցած է: Նստած են, սկսած են հանգիստ համաձայնիլ, թէ ինչպէ՛ս մեղմացնեն կացութիւնը: Մեզմէ խնդրած են աջակցիլ, մեր զինուորներն ալ աջակցութիւն ցուցաբերած են, համաձայնութիւն ձեռք բերուած է:...

Լը Տրիան Պայրամովի Հետ Քննարկած Է  Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութիւնը

Լը Տրիան Պայրամովի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

16 մայիսին ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի միջեւ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարները քննարկած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը: Պայրամով նշած է. «Քայլեր ձեռնարկուած են Հայաստանի հետ սահմանի ամրապնդման համար»: Վերջինս ֆրանսացի գործընկերը տեղեակ պահած է սահմանային դիրքերու մէջ...

Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»`  Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին

Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»` Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին

Վերջին 5 օրերուն` 12 մայիս 2021-էն սկսեալ, երբ ազրպէյճանական զինուած ուժերը, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած էին  որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ, տեղի ունեցան զանազան զարգացումներ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ երէկ երեկոյեան: Արդարեւ, 14 մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նամակով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Արցախեան վերջին պատերազմից յետոյ Ազրպէյճանը, ո՛չ միայն շարունակում է սպառնալիքներ հնչեցնել եւ պահանջներ ներկայացնել, այլեւ բացայայտ քայլեր է ձեռնարկում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ: Կոպտօրէն ոտնահարելով նոյեմբերի 9-ի զինադադարի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, Ազրպէյճանը ո՛չ միայն հրաժարւում է վերադարձնել գերիներին եւ այլ պահուող անձանց, այլեւ Արցախի Հանրապետութեան Խծաբերդի, Հին Թաղերի ռազմակալումից, ապա նաեւ կասկածելի հիմքերով իրականացուած սահմանազատումներից յետոյ, չհանդիպելով...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Ուրբաթ, 14 մայիս 2021-ին «Հայաստան» դաշինքի քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորականներու ներխուժման եւ այս առնչութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններու կեցուածքներուն ու վարած քաղաքականութեան: Յայտարարութեան ամբողջութիւնը` ստորեւ. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Ազրպէյճանը, օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների այսպէս կոչուած` խաղաղասիրական քաղաքականութիւնից, յանցաւոր անգործութիւնից, ամենաթողութիւնից, խախտել է մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ազրպէյճանի զաւթողական ախորժակը բացուել է բացառապէս...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Շաբաթ, 15 մայիս 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորականներու ներխուժման: Յայտարարութեան ամբողջութիւնը` ստորեւ. Արդէն մի քանի օր է` Ազրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակում են գրաւուած պահել ռազմավարական նշանակութեան տարածքներ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերում: Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ի զօրու չեն եղել կանխել մեր տարածքների զաւթումը թշնամու կողմից,...

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանի պաշտօնակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ մէկուկէս ժամ տեւող հանդիպումին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային թատերաբեմի իրադարձութիւնները: Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան եւ ներկայ փուլին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն` ճշդելով որ անհրաժեշտ են կառավարութեան արագ կազմութիւնը, ազգային համերաշխութեան պահպանումը, բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին...

Page 370 of 797 1 … 369 370 371 … 797

Արխիւներ