«Ո՛չ Թէ Թարգմանել, Այլ Հայերէնով Ստեղծել Արհեստագիտական Նոր Եզրերը», «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Հաստատեց Բեկոր Փափազեան
«Ազդակ»-ի 30-րդ առցանց լսարանին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 մայիսին, դասախօսեց ԹՈՒՄՕ ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Բեկոր Փափազեան: Նիւթ` «Հայերէնով ինչպէ՞ս կարելի է քայլ պահել արհեստագիտական նոր եզրաբանութեան եւ ընկերային ցանցերուն հետ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Բեկոր Փափազեան նախ հաստատեց, որ 80-ական թուականներուն երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած էր ստեղծելու տեղեկագիտութեան առնչուած հայերէն նոր բառեր: Ըստ անոր, Հայաստանի...




















