Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի 61-րդ Պատգամաւորական ժողովը  գումարուեցաւ հինգշաբթի, 24 եւ ուրբաթ, 25 յունիս 2021-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի: Երկու օրերու ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերէ եկած առաջարկները եւ պատրաստեց համապատասխան բանաձեւ: Երկօրեայ աշխատանքի աւարտին ժողովը ընտրեց 2021-2023 տարեշրջանի համար նոր Շրջանային վարչութիւն մը` հետեւեալ...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Երէկ «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Չսպասելով 2021 թուականի յունիսի 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքների պաշտօնական հաստատմանը, յատկապէս, երբ դրանք վիճարկւում են, Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր դրութեամբ աշխատող գործադիր իշխանութիւնն ու նրան հնազանդ կամակատարներն աւելի սանձարձակ են դարձել: Բազմաթիւ առերեւոյթ յանցագործութիւններ կատարած վարչախումբը, պետական մակարդակով անցել է քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած բացայայտ ահաբեկման եւ բռնաճնշումների: «Իրաւունքի եւ օրէնքի բռնատիրութեան» մասին խօսող վարչախումբը,...

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Ամփոփեց Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Ամփոփեց Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կազմեց եւ ստորագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն արձանագրութիւնը, ըստ որուն` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 53,91 առ հարիւր ձայները, «Հայաստան» դաշինքը` 21,09 առ հարիւրը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը` 5,22 առ հարիւրը: Այս մասին ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած յանձնախումբի արտահերթ նիստին: Տիգրան Մուկուչեանը ներկայացուց Ազգային ժողովի ընտրութիւններու...

Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակեն Մեղմ Թափով Յառաջանալ, Իսկ Վառելանիւթի Սակը Կը Գտնուի Ճշդուելու Սեմին

Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակեն Մեղմ Թափով Յառաջանալ, Իսկ Վառելանիւթի Սակը Կը Գտնուի Ճշդուելու Սեմին

Մինչ երկրին մէջ տիրող ապրուստի ծանր պայմաններուն ճնշումին տակ ժողովրդային բողոքի ցոյցերը կը շարունակեն մեղմ թափով յառաջանալ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ 24 ժամերուն ընթացքին պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր մինչեւ չորեքշաբթի օր պիտի առաջադրէ կառավարութեան նոր կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն 24 նախարարներ: Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, 24 նախարարները բաժնուած...

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

25 յունիսին Այնճար հայաւանին մէջ Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման գործակալութեան Լիբանանի գրասենեակին (Եու. Էս. Էյտ. Լեպանոն) ֆինանսաւորումով բացումը կատարուած է հսկայական էքօ պուրակի` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Էքօ պուրակը կ՛ընդգրկէ կանաչ տարածքներ, ծառերու տնկիներու նախնական աճեցման տնակներ, ծառատնկուած...

Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը: Պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը. ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի...

Ակնարկ.  Լիբանանեան Հասարակական Փորձադաշտը

Ակնարկ. Լիբանանեան Հասարակական Փորձադաշտը

Լիբանանեան թնճուկներու արագընթաց հիւսուածքի կամ խնդիրներու կուտակումի ծաւալային երեւոյթը չի պարտաւորեցներ ահազանգային իրավիճակէ մղուած արմատական փոփոխութիւններու համար փոխզիջումներ կատարելու եւ սկսելու համար` կառավարութիւն կազմել: Համակողմանի համոզում է, որ խնդիրը նախարարական աթոռներուն կամ անոնց չափաբաժիններու տիրացման առեւտուրին հետ կապուած չէ: Այդ հանգոյցը էական արգելակումներուն տեսանելի բաժինն է: Անոր ետին գտնուող պատճառները լիբանանեան սահմաններէն շատ հեռու կ՛երթան եւ կը թաքնուին տարածաշրջանային օրակարգերու...

Ըստ Եւրոպացի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն.  Եւրոպական Միութեան Համար Կարեւոր Է  Հարաւային Կովկասի Կայունութիւնը

Ըստ Եւրոպացի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն. Եւրոպական Միութեան Համար Կարեւոր Է Հարաւային Կովկասի Կայունութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` 25 յունիսին ընդունած է շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային հարցերով դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելիւս Լանտսպերկիսը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուն եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները նշած են, որ շրջանային այցելութեան նպատակն է ընդգծել Եւրոպական Միութեան համար հարաւկովկասեան շրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու...

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով. «Անընդունելի Եւ Դատապարտելի Է Ազգը Համախմբող Բարոյական Եւ Պետական Հիմքերուն Խարխլումը»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները` «Ազատ հայրենիք–ՔՄԴ», «Միասնական հայրենիք», «Արդարութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւն», հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձան 44-օրեայ պատերազմին եւ յետպատերազմեան շրջանին հայրենիքին սպառնացող խնդիրներուն: Ստորեւ յայտարարութեան ամբողջութիւնը. «Սեպտեմբերի 27-ին Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծուած պատերազմը բոլորիս կանգնեցրել է աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու, անվտանգութեան սպառնալիքները դիմագրաւելու եւ պատերազմի հետեւանքով ի յայտ եկած կենսական խնդիրների...

Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում Մը,  Որ Լիբանանցի Քաղաքացիին Օրուան  Ապրուստի Պայմանները Կը Վատթարացնէ

Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում Մը, Որ Լիբանանցի Քաղաքացիին Օրուան Ապրուստի Պայմանները Կը Վատթարացնէ

Մինչ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարներ կը շարունակեն մերթ ընդ մերթ փակել ճամբաները, անիւներ հրկիզել եւ երթեւեկի խճողում պատճառել` բողոքելով երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ ապրուստի պայմաններուն դէմ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վաւերացուց վառելանիւթը ամերիկեան տոլարի դիմաց 3900 սակի հիման վրայ վաճառելու առաջարկը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթի տագնապը լուծել: Այս կարգադրութեամբ պենզինի թիթեղին սակը 15.000 լ....

Բողոքի Ցոյց Դատախազութեան Դիմաց`  Ի Զօրակցութիւն Փրոֆ. Արմէն Չարչեանի

Բողոքի Ցոյց Դատախազութեան Դիմաց` Ի Զօրակցութիւն Փրոֆ. Արմէն Չարչեանի

Երէկ` հինգշաբթի, 24 յունիսին, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Քաղաքացիները կը պահանջէին Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանէն` գործադրել իր հայեցողական լիազօրութիւնը եւ վերացնել «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեանի խափանման միջոց կալանաւորումը: «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներէն Վահէ Յակոբեան ըսաւ. «Չեմ հասկնար` ինչո՞ւ Չարչեանը: Չարչեանը մտաւորական է, վաստակաշատ բժիշկ, այսօր իրմէ շատ կեանքեր կախեալ են,...

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին  Վրայ Նոր Զօրամաս Բացած Է

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Նոր Զօրամաս Բացած Է

Երէկ Արցախի` Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող եւ 44-օրուայ պատերազմէն ետք Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Որոտանի (Կուբաթլու) շրջանի տարածքին մէջ Ազրպէյճանը նոր զօրամաս բացած է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ազրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ, գնդապետ¬զօրավար Էլչին Կուլիեւ շնորհաւորած է անձնակազմը: Արարողութենէն ետք ստուգուած են զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան հետագայ բարձրացման եւ անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները:

Նախագահական Պալատին Մէջ Վառելանիւթի  Սակին Նպաստ Տրամադրելու Յատուկ Նիստ

Նախագահական Պալատին Մէջ Վառելանիւթի Սակին Նպաստ Տրամադրելու Յատուկ Նիստ

Մինչ լիբանանեան ջուրեր հասած վառելանիւթ փոխադրող նաւերը կը սպասէին Կեդրոնական դրամատան կողմէ վճարուելիք գումարներուն, որպէսզի վառելանիւթը յանձնեն ներածող ընկերութիւններուն, երէկ յետմիջօրէին ամերիկեան տոլարին սակը հասաւ 16.000 լ. ոսկիի: Ապրուստի ներկայ ահռելի պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան` փակելով հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ կոչեր ուղղելով փակելու նաեւ Կեդրոնական Պէյրութը, Զուքն ու Ժալ Էլ Տիպը, ուր նման արարքներ կատարուած էին...

Խմբագրական.  Վերասրել Հաւաքական Զգայնութիւնը

Խմբագրական. Վերասրել Հաւաքական Զգայնութիւնը

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները նոր մեկնարկ չապահովեցին երկրի արտաքին եւ ներքին ճգնաժամերու հանգուցալուծման: Հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութեամբ հիմնական առաջադրանքներ ձեւակերպած էր  ներքին համերաշխութեան  եւ արտաքին առումով` արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման: Բաժանարար եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ քայլերով յատկանշուած ներհասարակական դաշտը յառաջացուցած եւ պատերազմ պարտուած, տարածքներ զիջած  եւ պարտուողական յայտարարութիւն ստորագրած պատասխանատու ուժը վերարտադրուած է: Եղելոյթը, ըստ էութեան, շատ աւելի խոր քննարկումի...

«Հայաստան» Դաշինքի Անդամ Փրոֆ. Արմէն  Չարչեան Մէկ Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

«Հայաստան» Դաշինքի Անդամ Փրոֆ. Արմէն Չարչեան Մէկ Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 23 յունիսին «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար, փրոֆեսէօր Արմէն Չարչեան մէկ ամիսով կալանաւորման դատապարտուեցաւ: Նոյն օրը երեկոյեան սրտի կաթուածի պատճառով ան տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց: Այս տեղեկութիւնը հաստատեց անոր փաստաբանը` Էրիկ Ալեքսանեան: Չարչեանը, որ «Հայաստան» դաշինքի անդամ է, կը մեղադրուի Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի յատկանիշներով` ընտրողներուն կաշառք տալ-ստանալ, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտում կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտում: Արմէն...

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը  Հրապարակեց Վերահաշուարկի Արդիւնքները

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Վերահաշուարկի Արդիւնքները

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը տեղեկացուց, որ նախանցեալ օր եւ երէկ (22 եւ 23 յունիս) թիւ 2, 3, 4, 5, 6, 7, 9, 10, 11, 13, 14, 17, 23, 24, 25, 33, 34 եւ 35  տարածքային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ կատարուեցան առանձին տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկի աշխատանքներ: Վերահաշուարկի աշխատանքներուն ներկայ գտնուեցան համապատասխան տեղամասային ընտրական յանձնախումբներու անդամները, ընտրութիւններուն մասնակցած կուսակցութիւններու վստահուած անձեր, լրատուամիջոցներու...

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Թրքական  Խմբակցութիւնը Միացած Է Հայ Պատերազմական  Գերիները Անյապաղ Ազատ Արձակելու Պահանջին

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Թրքական Խմբակցութիւնը Միացած Է Հայ Պատերազմական Գերիները Անյապաղ Ազատ Արձակելու Պահանջին

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերու սպասարկումով ծանօթ Նետերլանտներու «Տենք» կուսակցութեան եռանդամ խմբակցութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ միացած անցեալ շաբաթ խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին, որ արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՛ուղղէր եւրոպական մակարդակով ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ` հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները անմիջապէս իրենց հայրենիք վերադարձնելու պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»¬ը: «Տենք» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ղեկավարին շահերը յառաջ մղող ուժի համբաւ ունի եւ...

«Հայաստան» Դաշինքի  Առաջնորդներու Մամլոյ Ասուլիսը

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդներու Մամլոյ Ասուլիսը

Երէկ` 22 յունիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներու մամլոյ ասուլիսը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ անոնք անդրադարձան ընտրութիւններու արդիւնքներուն, յետընտրական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն: Խօսելով ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին, Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Այն լիազօրութիւնը, որ ստացած է այս իշխանութիւնը, համոզուած եմ, որ վստահութեան լիազօրութիւն չէ, մեր բոլոր հանդիպումները եղած են աւելի մարդաշատ, քան իշխանութեան ներկայացուցիչներու...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան  Վերարտադրութիւնը Վտանգ Է  Մեր Պետականութեան Համար»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան Վերարտադրութիւնը Վտանգ Է Մեր Պետականութեան Համար»

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան, անդրադառնալով «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Չարչեանը կալանաւորելու վերաբերեալ միջնորդութեան քննութեան, ըսաւ. «Այսպիսով կ՛ուզեն վախցնել»: «Նպատակը Նիկոլի բռնապետութիւն հաստատելն է երկրին մէջ, մէկ անձի բռնապետութիւն հաստատելն է, որ մենք պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան եւ  նշեց, որ բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարին: «Այս...

Page 363 of 797 1 … 362 363 364 … 797

Արխիւներ