Վատիկանի Մէջ Տեղի Ունեցած Լիբանանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքը
Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները: Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու: Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը` յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին, քան` պետական կառոյցներուն կատարած աշխատանքը: Միաժամանակ, հոգեւոր պետերը յիշեցուցին,...



















