Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքը Կ՛անդրադառնայ Երկրին Մէջ Սկսած Քաղաքական Բռնաճնշումներուն

Երէկ «Հայաստան» դաշինքի բանբեր Արամ Վարդեւանեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստան» դաշինքն արձանագրում է երկրում սկսուած քաղաքական բռնաճնշումների մասին: Ընդամէնը երէկ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը խօսում էր համերաշխութեան ձեռք մեկնելու մասին, մինչդեռ այսօր արդէն բազմաթիւ ահազանգեր ենք ստացել բոլոր այն համայնքներից, ուր խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններում համայնքների ղեկավարները «Հայաստան» դաշինքի համախոհները կամ խմբակիցներն են եղել: Այդ բոլոր համայնքներում համայնքապետերին սպառնալիքներով յորդորում...

Ցուցարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին.  «Ես Ինքզինքս Պատասխանատու Կը Զգամ  Ժողովուրդին Եւ Յաջորդ Սերունդներուն Առջեւ»  Կ՛ըսէ Արայիկ Յարութիւնեան

Ցուցարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Ես Ինքզինքս Պատասխանատու Կը Զգամ Ժողովուրդին Եւ Յաջորդ Սերունդներուն Առջեւ» Կ՛ըսէ Արայիկ Յարութիւնեան

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերադառնալով Երեւանէն, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ խօսեցաւ իր հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն հետ: Ան արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցարարներուն հիմնական հարցերուն: «Յիմարութիւն պիտի ըլլայ կարծել, թէ հաճոյք կը ստանամ ներկայ իրավիճակէն: Կամ թէ ես որեւէ անձնական շահագրգռուածութիւն ունիմ շարունակելու պաշտօնավարումս, կամ կառչած եմ աթոռին: Ամենեւին ոչ: Ես պարզապէս ինքիզինքս պատասխանատու կը...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ.  «Անկախ Քաղաքական Դիրքորոշումէն` Յարգելու  Այս Ընտրութիւններուն Արդիւնքները  Եւ Խուսափելու Քաղաքական Վրէժխնդրութենէն»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ. «Անկախ Քաղաքական Դիրքորոշումէն` Յարգելու Այս Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Եւ Խուսափելու Քաղաքական Վրէժխնդրութենէն»

Միացեալ Նահանգներ կը շնորհաւորեն Հայաստանի ժողովուրդը 20 յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի յայտարարութեան մէջ: «Կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) դիտորդական առաքելութեան ընդհանուր դրական գնահատականը: Գոհ ենք այն առումով, որ ԺՀՄԻԳ-ի նախնական եզրակացութեան մէջ կը նշուի, որ ընտրողներու...

Հրապարակուեցան Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Հրապարակուեցան Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

«Քաղաքացիական Պայմանագիրը» Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Ունենայ 71 Աթոռ Իսկ «Հայաստան» Դաշինքը` 27, «Պատիւ Ունեմ»-ը Խորհրդարան Պիտի Անցնի Իրաւունքի Ուժով Եւ Ունենայ 7 Աթոռ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ հրապարակած է բոլոր 2008 ընտրական տեղամասերուն մէջ ամփոփուած նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց` յառաջատարը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնն է` քուէներու մօտ 53,92 առ հարիւրով: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, նոր...

Արմէն Ռուստամեան. «Ասիկա Պիտի Ըլլայ  Նիկոլ Փաշինեանի «Պիւռոսեան Յաղթանակ»-ը»

Արմէն Ռուստամեան. «Ասիկա Պիտի Ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի «Պիւռոսեան Յաղթանակ»-ը»

Երէկ, 21 յունիսին «TALK TIME» հաղորդման ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն եւ անոր արդիւնքներուն, ըսաւ. «Ասիկա պիտի ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանի «Պիւռոսեան յաղթանակ»-ը, եւ մենք չենք ընդունիր ընտրութիւններուն արդիւնքները, քանի որ այդ պարագային պիտի ունենանք Հայաստան, որուն խնդիրները պիտի մնան չլուծուած, հասարակութիւնը պիտի շարունակէ գտնուիլ պառակտման վիճակի մէջ»: Ան նշեց, որ...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Սահմանադրական Դատարան Դիմելու Մասին

Երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիսին «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ 20 յունիս 2021-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, անոր վիճայարոյց արդիւնքներուն եւ այս առնչութեամբ դաշինքի ապագայի քայլերուն: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստան» դաշինքն իր երախտագիտութիւնն է յայտնում 2021 թուականի յունիսի 20-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի ընտրութիւններում դաշինքին աջակցած եւ իր օգտին քուէարկած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին: Այն վստահութիւն է...

Լարուած Իրավիճակ Ստեփանակերտի Մէջ.  Քաղաքացիները Կը Պահանջեն Արայիկ  Յարութիւնեանի Հրաժարականը

Լարուած Իրավիճակ Ստեփանակերտի Մէջ. Քաղաքացիները Կը Պահանջեն Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականը

Երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ քաղաքացիներու ինքնաբուխ հաւաք, որ վայրկեաններու ընթացքին վերածուեցաւ բազմահազարանոց ցոյցի: Արցախի քաղաքացիները պահանջեցին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Հաւաքը, որուն մասին յայտարարուեցաւ Դիմատետրի վրայ, նախաձեռնուեցաւ, երբ Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը` Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով: Հաւաքի մասնակիցները պահանջեցին, որ Արայիկ Յարութիւնեանը դուրս գայ եւ...

«Հայաստան» Դաշինքը Խիստ Վիճայարոյց  Եւ Անընդունելի Կը Նկատէ  Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

«Հայաստան» Դաշինքը Խիստ Վիճայարոյց Եւ Անընդունելի Կը Նկատէ Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Հայաստանի Ժամանակակից Պատմութեան Ամէնէն Ճակատագրորոշ Արտահերթ Ընտրութիւնները Ընթացան Բազմաթիւ Խախտումներով 20 յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք պիտի ընտրուի Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան 9-րդ խորհրդարանը եւ 8-րդ Ազգային ժողովը: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն,  այս ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 593 հազար 572 ընտրողներէն 20 յունիսին քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1 միլիոն 281 հազար  174 քաղաքացի...

Պէյրութի Մէջ.   «Առանց Բարեկարգումի Գործադրութեան Կարելի  Չէ Լիբանանին Օժանդակութիւններ Տրամադրել»   Շեշտեց Ժոզեֆ Պորել

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Բարեկարգումի Գործադրութեան Կարելի Չէ Լիբանանին Օժանդակութիւններ Տրամադրել» Շեշտեց Ժոզեֆ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորել շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պորելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող դժուար ու տագնապալի պայմաններն ու երկիրը այդ իրավիճակէն դուրս բերելու համար Եւրոպական Միութեան ունենալիք դերակատարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց,...

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան  Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Տագնապներ  Բացայայտեց»

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապը Աւելի Վտանգաւոր Տագնապներ Բացայայտեց»

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու ջանքերուն առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը աւելի վտանգաւոր տագնապներ բացայայտած է` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու առումով իրենց մղած պայքարին նպատակը կառավարութեան կազմութեան արգելակումը չէ, այլ` իրենց ազատ գոյութեան պաշտպանութիւնը: «Մեր ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է մեր դերակատարութեան, որ պէտք է...

Խմբագրական.  Տարածքային Ամբողջականութեան  Եւ Պետականութեան Պահպանման Համար

Խմբագրական. Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Պետականութեան Պահպանման Համար

Վաղը ճակատագրական օր է մեր երկրի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Առիթ է մեր համազգային երթը վերահունաւորելու դէպի պետականութեան ամրակայում, դէպի արժանապատիւ խաղաղութիւն: Հարուածուած են մեր պետականութեան յենասիւները: Գլխատուած են պաշտպանական եւ դիւանագիտական համակարգերը: Չէզոքացուած է ներհասարակական համերաշխութիւնը: Անջատուած է խաղաղութեան արժանապատիւ բնոյթը: Աշխարհաքաղաքական գործընթացները չեն ընթացած մեզի  ի նպաստ. անոնք գործի դրուած են, երբ պետական մակարդակով հրամցուած են խաղաթուղթերը օգտագործելու հնարաւորութիւններ:...

«Հայաստան» Դաշինքի Բազմահազարնոց Ամփոփիչ  Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

«Հայաստան» Դաշինքի Բազմահազարնոց Ամփոփիչ Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

18 յունիսին` քարոզարշաւի վերջին օրը, «Հայաստան» դաշինքը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբեց մեծաթիւ ժողովուրդ, որ եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու դաշինքին` այն հաւատքով եւ յոյսով, որ դաշինքին ճամբով կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը դուրս բերել ներկայ մղձաւանջային վիճակէն, վերականգնել հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը եւ գործել` կերտելու լաւ ու խոստմնալից ապագայ: Հայաստանի բոլոր մարզերն ու քաղաքները այցելելէ, հաւաքներու եւ հանդիպումներու ճամբով բնակիչներուն կարիքներուն ծանօթանալէ...

Ռոպերթ Քոչարեան. «Միասին Շէնացնենք  Մեր Տունը, Մեր Հայաստանը»

Ռոպերթ Քոչարեան. «Միասին Շէնացնենք Մեր Տունը, Մեր Հայաստանը»

Հայաստանի նախկին նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ժողովուրդին յղեց հետեւեալ ուղերձը. «Սիրելի՛ ժողովուրդ,   Աւարտին մօտեցաւ արտահերթ ընտրութիւնների քարոզարշաւը: Անցած մէկ ամսուայ ընթացքում խմբակիցներիս հետ միասին շրջեցինք Հայաստանով մէկ: Վաղուց` 13 տարի ձեզ հիւր չէի եղել, շնորհակալ եմ հիւրընկալութեան ու ջերմ ընդունելութեան համար: Այս օրերին հազարաւոր մարդկանց ձեռք եմ սեղմել, նայել եմ նրանց աչքերին: Չեմ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի: Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր:  

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը սկսաւ հինգշաբթի, 10 յունիս 2021-ին` մասնակցութեամբ տարբեր շրջաններէ 99 պատգամաւորներու: Վեց օրերու վրայ երկարող նիստերով ժողովը հանգամանօրէն ու համապարփակ քննարկումի ենթարկեց Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքի անցնող 28 ամսուան գործունէութիւնը եւ ապա յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար կայացուց որոշումներ: Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 28 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2019-ին Լիբանանի մէջ ծայր...

«Հայաստան» Դաշինքի Ժողովրդային  Հանդիպումները` Գեղարքունիքի Մէջ

«Հայաստան» Դաշինքի Ժողովրդային Հանդիպումները` Գեղարքունիքի Մէջ

«Հայաստան» դաշինքը իր նախընտրական քարոզարշաւը աւարտեց 17 յունիսին, Գեղարքունիքի մէջ: Վերջին կանգառը Սեւան քաղաքն էր, անկէ առաջ դաշինքի ղեկավարները ժողովուրդին հետ սրահներու մէջ թէ բացօթեայ հանդիպումներ ունեցան Շորժայի, Վարդենիսի, Մարտունիի, Գաւառն եւ այլ համայնքներու մէջ: Սեւան քաղաքի հրապարակը տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, թէ արդէն շատ լաւ կը պատկերացնէ, թէ ի՛նչ...

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւը  Կը Պահանջէ Անմիջապէս Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւը Կը Պահանջէ Անմիջապէս Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 16 յունիսին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումներուն հիման վրայ, խորհրդարանը 17 յունիսին կայացած լիագումար նիստին ընթացքին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (147 թեր, 3 դէմ) որդեգրած է բանաձեւ, որով կը պահանջէ հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները ազատ արձակել: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Քանի որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած է զինադադար, որուն մաս...

«Ազրպէյճան Գտնուող Հայ Պատերազմական  Գերիները Պէտք Է Շուտափոյթ Ազատ Արձակուին»  Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Բոլոր Հայ Պատերազմական Գերիները Պէտք Է Անյապաղ Հայրենիք Վերադարձուին» Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 16 յունիսի նիստի ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, խորհրդարանականներուն եւ արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Քաախի միջեւ մանրամասն քննարկում տեղի ունեցած է Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ հետագայ զարգացումներուն շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշեալ քննարկման ընթացքին Նետերլանտներու տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող երեսփոխանները նախարարին ուղղած են տասնեակ մը հարցումներ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի հետեւանքներուն, Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութիւնը դադրեցնելու, Ազրպէյճանի...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը Թեքուանտոյի  Ասիոյ Ախոյեանութեան Բացման Հանդիսութեան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը Թեքուանտոյի Ասիոյ Ախոյեանութեան Բացման Հանդիսութեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` թեքուանտոյի Ասիոյ ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան, Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ: Թեքուանտոյի Ասիոյ մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր թեքուանտոյի Լիբանանի ֆետերասիոնին կողմէ, կը վայելէր հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան արտասանեց նախագահ Աունի խօսքը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ այս է այն Լիբանանը, որ կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները եւ կառչած...

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները  Գիւմրիի Եւ Շիրակի Մարզի Համայնքներուն Մէջ  Բազմամարդ Հանդիպումներ Եւ Հաւաքներ Կ՛ունենան

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչները Գիւմրիի Եւ Շիրակի Մարզի Համայնքներուն Մէջ Բազմամարդ Հանդիպումներ Եւ Հաւաքներ Կ՛ունենան

Երէկ` չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքը: Մինչ այդ` դաշինքը Շիրակի մարզի Արթիկ, Մարալիկ, Աշոցք եւ Ամասիա համայնքներուն մէջ ընտրողներուն հետ ունեցաւ հանդիպումներ եւ հաւաքներ: Գիւմրիի թատերական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաք-հանդիպումը ընտրողներուն հետ: Մարալիկի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ....

Page 364 of 797 1 … 363 364 365 … 797

Արխիւներ