Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստան Լուրջ Խնդիրներ Ունի Իր Արտաքին Յարաբերութիւններուն Մէջ»

August 21, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փաստինֆօ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Արարատ Միրզոյեանի արտաքին գործոց նախարար նշանակման, յայտնեց, որ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ ոեւէ արհեստավարժ դիւանագէտ չուզեց մտնել այս պատասխանատուութեան տակ, եւ երկու-երեք ամիս փնտռտուքներէ ետք այս ծանր իրավիճակին մէջ արտաքին գործոց նախարար նշանակուեցաւ` այս ալ քաղաքական որոշումով:

Անոր համաձայն, գործող իշխանութեան վարած քաղաքականութեան անլրջութեան մակարդակը յստակ կը դառնայ, երբ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կը նշանակուի արտաքին գործոց փոխնախարար, իսկ ամիս մը ետք ան կրկին զերծ կը կացուցուի տուեալ պաշտօնէն եւ կը վերադարձուի հին պաշտօնին: «Ասիկա փաստ է իշխանութեան անլուրջ մօտեցումներուն մասին, ասոր նախաբան էր Միացեալ Նահանգներու մէջ ոչ դիւանագէտի դեսպան նշանակելը, այս է այս իշխանութեան վարքագիծը, տեսակը», դիտել տուաւ Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ այս նշանակումները կը վկայեն իշխանութեան անլուրջ վերաբերմունքին մասին` պետական կառոյցներուն նկատմամբ:

Անդրադառնալով այն հարցին, որ Արարատ Միրզոյեանի նշանակումը ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն արտաքին գործոց նախարարով, այլ` ընդհանուր կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեամբ: Ըստ էութեան, արտաքին գործոց նախարարը կը գործադրէ քաղաքական իշխանութեան որդեգրած քաղաքական գիծը: Առհասարակ, Հայաստան լրջագոյն խնդիրներ ունի իր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, ես չեմ կարծեր, թէ այս նշանակումէն ետք որեւէ դրական փոփոխութիւն կ՛ըլլայ, ընդհակառակը, որեւէ լաւ բան, ցաւօք, ակնկալելի չէ», դիտել տուաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթելեան նաեւ ընդգծեց, որ նման քայլեր եւ նշանակումներ այլեւս ոչ ոքի կը զարմացնեն` աւելցնելով, որ խնդիրը այս բոլորէն ձերբազատիլն ու երկիրը բնականոն զարգացման վերադարձնելն է:

Հանդիպում` Հայաստանի Մէջ
Չինաստանի Դեսպանին Հետ

19 օգոստոսին Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի  Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆան Եոնքի հետ:

Սաղաթէլեան նշեց, որ Հայաստան Չինաստանը կը նկատէ բարեկամ երկիր: «Վերջին 30 տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած են 40-է աւելի համաձայնագիրներ, տասնեակէ մը աւելի յուշագիրներ, որոնք լաւ կարելիութիւն են երկու երկիրներու համագործակցութեան համար», յայտնեց ան:

Դեսպան Ֆան Եոնք իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Չինաստան 30 տարիներու դիւանագիտական կապեր ունին ու յայտնեց, թէ համոզուած է, որ այդ կապերը շատ երկար պիտի շարունակուին:

Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցը:

«Մեր երկրին մէջ մեծագոյն խնդիրը անվտանգութեան հարցն է, թշնամին երկու ուղղութիւններով ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք: Մեզի համար զարմանալի է միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքը Ազրպէյճանի գործողութիւններուն նկատմամբ», շեշտեց Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Դեսպանը նշեց, որ Չինաստանի դիրքորոշումը նոյնն է այս տագնապին առնչութեամբ` հարցերը պէտք է լուծել խաղաղ ուղիով` բանակցութիւններու եւ երկխօսութիւններու միջոցով: «Մենք կ՛աջակցինք տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Առանց շրջանային կայունութեան` անվտանգութեան ու խաղաղութեան զարգացումը վտանգուած պիտի ըլլայ այս շրջանին մէջ», շեշտեց ան:

Ըստ Սաղաթէլեանի, Հայաստան կը գնահատէ Չինաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը հարցին վերաբերեալ` աւելցնելով. «Շրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պէտք չէ ըլլան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հաշուոյն: Անշուշտ, մենք կողմնակից ենք կայունութեան, խաղաղութեան եւ հարցերը բանակցութեամբ լուծելուն: Դժբախտաբար հակառակ կողմը այլ պատկերացում ունի»:

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին եւ անոր հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցերուն:

Նախորդը

Հայաստանի Կառավարութեան Կազմը Յստակացաւ

Յաջորդը

«Աւելի Քան 455 Հազար Զինուորներ Պիտի Մասնակցին «Բանակային Խաղեր-2021-Ին» Կ՛ըսէ Շոյկու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.