Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արման Թաթոյեանը Յայտնուած Է Ազրպէյճանցի Զինուորներու Գնդացիրի Նշանառութեան Տակ

Օգոստոս 24, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ նախորդ շաբաթ անձամբ համոզուած է, որ ազրպէյճանցի զինուորներուն ներկայութիւնը Հայաստանի Սիւնիքի համայնքներու ճամբաներուն վրայ մարդոց առաջնահերթ կեանքի ու ազատ տեղաշարժելու իրաւունքներու խախտում է:

«Սիւնիքի մարզի Կապան, Տեղ համայնքներ, գիւղեր այցելութիւններէն վերադարձի ժամանակ միջպետական ճամբուն վրայ փորձնական 1-2 վայրկեանով կանգնեցանք այն հատուածներուն մէջ, ուր ազրպէյճանական զինուած ուժեր տեղակայուած են:

«Այս լուսանկարին մէջ Գորիսի Շուռնուխ եւ Կապանի Դաւիթ Բէկ գիւղերուն միջեւ ճամբու հատուածն է, որ ցոյց կու տայ ազրպէյճանական տեղակայումներէն մէկը: Մեր կանգնելուն պէս ազրպէյճանական զինուած ծառայողը նկատեց մեզի, անմիջապէս մտաւ շինութիւն (տնակ) եւ գնդացիրը ձեռքին դուրս եկաւ ու պարզեց մեր ուղղութեամբ», նշեց Թաթոյեան:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծեց, որ այլ վայրի մը մէջ 1-2 վայրկեան կանգնելէ ետք ազրպէյճանցի զինուորները` զինուած, սկսած են անհանգիստ շարժումներ կատարել` հեռադիտակով հետեւելով իրենց, այնուհետեւ սուլոցներ ու գոռգոռոցներ արձակած են:

«Մենք սեփական փորձով համոզուեցանք, որ ազրպէյճանցի զինուորներու ինքնին ներկայութիւնը Սիւնիքի համայնքներուն միջեւ ճամբաներուն Հայաստանի քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի, ազատ տեղաշարժման ու այլ կենսական իրաւունքներու խախտում է: Այս հիմնաւորումները համապատասխան ապացոյցներով կը ներառուին անվտանգութեան գօտիի հայեցակարգի հիմքը եւ կ՛ուղարկուին միջազգային համապատասխան կառոյցներուն», շեշտեց Արման Թաթոյեան:

Նախորդը

«Տագնապը Լուծուած Չէ, Որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Տակաւին Լուծուած Չէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?