Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց  Ազրպէյճանին Յատկացուող Միացեալ Նահանգներու  Ռազմական Օգնութիւնը Դադրեցնելու Մասին Որոշումը

Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց Ազրպէյճանին Յատկացուող Միացեալ Նահանգներու Ռազմական Օգնութիւնը Դադրեցնելու Մասին Որոշումը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց քոնկրեսական Փալոնի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնը, որ կը դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ֆինանսական օգնութիւնը Ազրպէյճանին: Փալոնի ներկայացուցած փոփոխութեան մէջ նշուած է. «Միջազգային ռազմական կրթութիւն եւ ուսուցում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորման ծրագիրի» միջոցով յատկացուող որեւէ ֆինանսաւորում պիտի չտրամադրուի Ազրպէյճանին»: Դրոյթը չ՛արգելափակեր հայեցողական ռազմական արհեստագիտութեան տրամադրումը, որ կրնայ փոխանցուիլ Պաշտպանութեան բաժանմունքին կողմէ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներու 333-րդ...

ՄԱԿ-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ  Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Լարուած  Իրավիճակին Առնչութեամբ

ՄԱԿ-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Լարուած Իրավիճակին Առնչութեամբ

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին աճող լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաք` անդրադառնալով 28 յուլիսին Հայաստանի սահմանին ազրպէյճանական կողմի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն: «Մենք աճող անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին լարուած իրավիճակի մասին տեղեկութիւններուն, այդ կարգին նաեւ եւ` վերջին դէպքին,...

«Ֆրանսան Մտահոգ Է Հայաստանի Սահմանային  Անվտանգութեան Առնչութեամբ»  Կ՛ըսէ Դեսպան Լաքոթ

«Ֆրանսան Մտահոգ Է Հայաստանի Սահմանային Անվտանգութեան Առնչութեամբ» Կ՛ըսէ Դեսպան Լաքոթ

«Ամբողջովին տեղեակ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, մասնաւորաբար Գեղարքունիքի մարզին մէջ զինեալ գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Մենք միտքով զինուորներուն հետ ենք եւ քաջ կը գիտակցինք, որ այս ամէնը տեղի կ՛ունենայ հայ-ազրպէյճանական սահմանի վիճակի շարունակական վատթարացման ծիրին մէջ», յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ` «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի պեղումներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին եւ ընդգծեց, որ միտքով...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Դաշինքներուն Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքներուն Յայտարարութիւնը

28 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք ներխուժած ազրպէյճանական ռազմական ստորաբաժանումներու կողմէ հայկական դիրքերու վրայ յարձակման, անոր պատճառով Հայաստանի զինուած ուժերուն կրած կորուստներու, ինչպէս նաեւ սահմանի ամբողջ երկայնքով իրավիճակի սրման հետ կապուած հարցեր: «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնած են ստեղծուած...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Պատասխանը` Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Հայաստանը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Առաւելապէս Կառուցողական»

Պաշտօնական Երեւանը հակադարձեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին` շեշտելով, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի` Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան ձեւաչափով ընդունուած յայտարարութիւններու ամբողջական կատարման կը խոչընդոտէ ո՛չ թէ Հայաստանը, այլ Ազրպէյճանը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն` դիտել տալով, որ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու հայրենադարձման գործընթացի...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստան» Դաշինքը  Պատգամաւորներուն 250 Հազար Դրամ Լրավճար  Տալու Օրէնքը Յետս Կոչելու  Նախաձեռնութեամբ Հանդէս Պիտի Գայ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հայաստան» Դաշինքը Պատգամաւորներուն 250 Հազար Դրամ Լրավճար Տալու Օրէնքը Յետս Կոչելու Նախաձեռնութեամբ Հանդէս Պիտի Գայ»

7-րդ գումարման Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած, պատգամաւորներուն աշխատավարձին զուգահեռ 250 հազար դրամ լրավճար տալու օրէնքը «Հայաստան» դաշինքը յետս պիտի կոչէ: «Իրականում»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան: «Այդ օրէնքը ընդունելու օրը պիտի  խօսինք այդ մասին: Մենք կը կարծենք, որ այս պահուն խիստ անհրաժեշտութիւն չէր, այն հիմնաւորումը, որ պատգամաւորներու ձեռքի...

Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր  Խորհրդակցութիւններէն Ետք`   Վարչապետ Միքաթի Ընդգծեց Ամէնէն Արագ  Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւնը Կազմելու  Շուրջ Գոյացած Համախոհութիւնը

Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններէն Ետք` Վարչապետ Միքաթի Ընդգծեց Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւնը Կազմելու Շուրջ Գոյացած Համախոհութիւնը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին խորհրդարանին մէջ սկսաւ երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նոր կազմուելիք կառավարութեան վերաբերող պատկերացումները եւ կառավարական կազմին տեսակն ու անոր առաջնահերթութիւնները: Վարչապետը նախ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութեան: Միւս կողմէ, սակայն, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնած էր, որ կառավարութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կը կազմուի: Ան...

«Հայ Համայնքը Մաս  Պիտի Կազմէ Կառավարութեան»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հայ Համայնքը Մաս Պիտի Կազմէ Կառավարութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպում մը ունեցան` կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Փակեցինք վարչապետի թեկնածութիւն առաջադրելու էջը: Վարչապետ Միքաթիի հետ մեր հանդիպումը անկեղծ էր եւ մտերմիկ: Մաղթեցինք, որ վարչապետ Միքաթի արագացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Կառավարութիւն մը, որ...

Լաքրուա. «ՄԱԿ Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի  Լիբանանին, Իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը  Պիտի Շարունակուի` Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Շրջագիծին Մէջ»

Լաքրուա. «ՄԱԿ Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի Լիբանանին, Իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը Պիտի Շարունակուի` Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Շրջագիծին Մէջ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահութեան հարցերով տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը փափաքի, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը երկարաձգուի` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Նախագահ Աուն...

Դեսպան Թրէյսի` Վերին Շորժայի Սահմանագիծ  Այցելութեան Ընթացքին.  «Միացեալ Նահանգներ Կը Մերժեն Ուժի Կիրարկումը  Սահմանազատում Իրականացնելու Պարագային»

Դեսպան Թրէյսի` Վերին Շորժայի Սահմանագիծ Այցելութեան Ընթացքին. «Միացեալ Նահանգներ Կը Մերժեն Ուժի Կիրարկումը Սահմանազատում Իրականացնելու Պարագային»

Երէկ` երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Գեղարքունիքի մարզ: Զօրամիաւորման հրամանատար զօր. Արայիկ Յարութիւնեան դեսպանին ներկայացուց հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, ապա անոնք այցելեցին Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ դեսպան Թրէյսի վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը` հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին տեղի ունեցող...

Շոյկու Եւ Կարապետեան Քննարկած Են  Շրջանային Անվտանգութեան Ապահովման Հարցեր

Շոյկու Եւ Կարապետեան Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Ապահովման Հարցեր

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն 26 յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Արշակ Կարապետեանի հետ: Այս մասին, վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան շրջանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթերու վերաբերող հարցեր:

Նեժիպ Միքաթի Նշանակուեցաւ Վարչապետ.  Կառավարութիւնը Կազմելու Նպատակով Միքաթի  Այսօր Կը Խորհրդակցի  Երեսփոխանական Պլոքներուն Հետ

Նեժիպ Միքաթի Նշանակուեցաւ Վարչապետ. Կառավարութիւնը Կազմելու Նպատակով Միքաթի Այսօր Կը Խորհրդակցի Երեսփոխանական Պլոքներուն Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախագահական պալատին մէջ սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ: Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք, Նեժիպ Միքաթի 72 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 42 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը, իսկ երեսփոխաններ` Նուհատ Մաշնուք,...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Ոեւէ Թեկնածու Չառաջադրեց

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Ոեւէ Թեկնածու Չառաջադրեց

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութեան ընթացքին մերժեցին առաջադրել Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Նկատի ունենալով խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութեան զօրակցութիւնը, քանի մը վայրկեան ետք Նեժիպ Միքաթի պիտի նշանակուի վարչապետ` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը: Միքաթիին յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կոչ կ՛ուղղենք կառավարութիւնը կազմելու` հեռու...

«Կարելի Չէ Ընդունիլ, Որ Վարչապետը Նշանակուի  Միայն Մեծ Պետութիւններուն Հաւանութեամբ,  Որովհետեւ Այդ Կը Նշանակէ, Թէ Մենք Մեր Իսկ Ձեռքով  Կը Հարուածենք Երկրին Գերիշխանութիւնը»  «Պիտի Քուէարկենք Անձեռնմխելիութենէ  Զրկելու Առաջարկին»   Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Կարելի Չէ Ընդունիլ, Որ Վարչապետը Նշանակուի Միայն Մեծ Պետութիւններուն Հաւանութեամբ, Որովհետեւ Այդ Կը Նշանակէ, Թէ Մենք Մեր Իսկ Ձեռքով Կը Հարուածենք Երկրին Գերիշխանութիւնը» «Պիտի Քուէարկենք Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Առաջարկին» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող քաղաքական տագնապալի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած շարք մը տագնապներուն, որոնք ահռելի կը դարձնեն քաղաքացիին կենցաղային պայմանները: Պատասխանելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումին եւ հրաժարականին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ իմաստով մեղադրած են...

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդն Ու Քանատայի  Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցան  Դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի Հետ

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդն Ու Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցան Դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի Հետ

22 յուլիսին Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի (ՔՀԴՅ) ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՔՀԴՅ-ի համանախագահներ Շահէն Միրաքեան եւ Հրակ Տարագճեան եւ ՔՀԴՅ-ի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան հեռակապով հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Քանատայի նոր նշանակուած դեսպանորդ Սթեֆան Տիոնի եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ողջունեց Սթեֆան Տիոնի նշանակումը` իբրեւ...

Սահմանամերձ Գիւղերու Ռմբակոծումին  Վերաբերեալ Տուեալները Պիտի Ներկայացուին  Եւրոպական Խորհուրդի Յանձնակատարին

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերը Հրահրած Են Հրաձգութիւն»

Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը շաբաթ, 24 յուլիսին ահազանգ ստացած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը, 23 յուլիսին անմիջապէս Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա գիւղի սարատեղի կոչուող բնակավայրին մօտ հրահրած են հրաձգութիւն: Այս մասին գրառում կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան: Գրառումին մէջ նշուած է. «Մասնաւորապէս, 23 յուլիսին` ժամը մօտ 20:00-ից մինչեւ 00:30-ը ընկած հատուածում ազրպէյճանական զինուած ուժերը...

Մինչ Տագնապները Ամէն Իմաստով Կը Յամենան,  Նոր Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր  Խորհրդակցութիւնները Կը Կատարուին Այսօր

Մինչ Տագնապները Ամէն Իմաստով Կը Յամենան, Նոր Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Կը Կատարուին Այսօր

Նախկին Վարչապետները Կը Զօրակցին Նեժիպ Միքաթիի Թեկնածութեան Երկիրը յուզող բարդ տագնապները կը յամենան: Լիբանանցիին տառապանքը կը շարունակուի, եւ օրական դրութեամբ կը շեշտուին զգուշացումները` մազութի եւ պենզինի չգոյութեան, հացի տագնապի, ըմպելի ջուրի տագնապի եւ վատագոյնը` դեղորայքի տագնապի իմաստով: Այս բոլորին կողքին, երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու միջոցներուն առումով յստակ անտեսում եւ թոյլ վերաբերում կը ցուցաբերուի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ,...

Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակի  Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 25 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակի ոգեկոչում: Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սոնիա Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութեան վերածուած ուխտին հաւատարիմ մնալով անգամ...

«Մենք Պիտի Մնանք Ձեզի Հետ, Մի՛շտ Ձեր Կողքին»    Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Պիտի Մնանք Ձեզի Հետ, Մի՛շտ Ձեր Կողքին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան տագնապին եւ լիբանանահայութեան: « Տակաւին կան Արամ Ա. վեհափառին կոչին ընդառաջած այլ նուիրատուներ, որոնցմով մենք հպարտ ենք: Անոնք սոսկ ՀՅԴ-ի համակիրներ չէին, այլ` կուսակցական ընկերներ, որոնք հաւատարիմ ՀՅԴ-ի մէջ սորված ծառայողական սկզբունքներուն եւ լիբանանահայութեան գոյութեան կարեւորութեան` բացին իրենց քսակները...

Խմբագրական.   Լիզպոնն Ու Տարածքներու  Վերականգնման Հրամայականը

Խմբագրական. Լիզպոնն Ու Տարածքներու Վերականգնման Հրամայականը

Լիզպոնի խոյանքին ամբողջ խորհուրդը, իմաստն ու նպատակը պատմական իրաւունքներու վերականգնման սկզբունքին կը վերաբերէր: Գործողութիւնը իրականացուցած իւրաքանչիւր հերոս իր պատգամին մէջ առանցքային նշանակութեամբ կ՛անդրադառնար հայկական հողերու ազատագրման հրամայականին: Յեղափոխական աւանդներու վերադարձի վարքագիծով բնութագրուող այս ինքնազոհութիւնը կը քանդէր արդէն իսկ ճարճատուած լռութեան պատը եւ միջազգային հնչեղութիւն կ՛ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անտեղիտալի պահանջատիրութեան: Արագ ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ընդգծել, որ յետլիզպոնեան ժամանակահատուածը ինչպէ՛ս յատկանշուեցաւ...

Page 357 of 797 1 … 356 357 358 … 797

Արխիւներ