Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Մէջ Գանգատ Ներկայացուցած Է Ազրպէյճանին Դէմ

September 18, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը ՄԱԿ-ի ընդհանուր դատական մարմինին` Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ, գանգատ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դէմ `ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի (CERD) խախտումներու հիմքով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը:

Դատարանի հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստան յայտնած է, որ տասնեակ տարիներ Ազրպէյճան հայերը ցեղային խտրականութեան կ՛ենթարկէ, եւ պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեացութեան այս քաղաքականութեան պատճառով հայերը ենթարկուած են ո՛չ միայն համակարգային խտրականութեան, այլեւ` զանգուածային սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ նուաստացումներու:

Նշուած է, որ այդ գործելակերպը անգամ մը եւս առջեւ մղուած է սեպտեմբեր 2020-ին` Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք, եւ զինուած տագնապի ընթացքին Ազրպէյճանը թոյլ տուած է համաձայնագիրի կոպիտ խախտումներ:

Հայաստանը ներկայացուցած է նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք` 10 նոյեմբեր 2020-ին ուժի մէջ մտած զինադադարէն ետք նոյնիսկ Ազրպէյճանը շարունակած է հայ ռազմագերիներու, պատանդներու, կալանաւորուած այլ անձերու սպանութիւնները, խոշտանգումները եւ այլ նուաստացումները:

«Հայաստան դատարանէն կը պահանջէ պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը CERD- ի խախտումներու համար, կանխել ապագայ վնասները եւ փոխհատուցել արդէն պատճառուած վնասը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանը խնդրած է դատարանին նաեւ որոշակի ժամանակաւոր միջոցներ կիրարկել` ծայրայեղ հրատապութենէ մեկնելով:

Նշենք, որ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս հարցով լրատուութիւնը յղած է լիբանանեան լրատուամիջոցներուն, որոնք լայնօրէն անդրադարձած են հարցին:

 

Նախորդը

«Նեմեսիս» Գործողութեան Հերոսներուն Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձան` Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 37-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.