Երէկ` 23 սեպտեմբեր 2021-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ երկուշաբթի 20 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան` Ս. պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 23 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան նիստին ընտրեց Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը` իբրեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք, որ ստացաւ Ռաֆայէլ Պետրոս անունը:
Կենսագրական Գիծեր
Ռաֆայէլ արք. Մինասեան ծնած է 24 հոկտեմբեր 1946-ին:
1958-ին ան մտած է Զմմառի պատրիարքական միաբանութիւն ընծայարան, ուր ստացած է դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւնը:
1966-ին ուղարկուած է Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան եւ աշակերտած է քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, ուր ստացած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները: Ուսումը շարունակած է Հռոմի Սալեզեան համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան մէջ:
24 յունիս 1973-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:
Մինչեւ 1980 թուականը ստանձնած է Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովուութիւնը: 1978-ին նշանակուած է Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցական ատեանի քարտուղար, ապա` եկեղեցական դատաւոր` մինչեւ 1989:
1980-էն 1984 ծիսագիտութիւն դասաւանդած է Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ:
1983-էն 1986 եղած է Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Անոր շնորհիւ է արդարեւ, որ կառուցուած է Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցին:
1986-էն 1988 եղած է պատրիարքական քարտուղար:
1988-էն 1990 դարձեալ անուանուած է Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` միաժամանակ վարելով նորակառոյց պատրիարքական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:
1990-2006 թուականներուն անուանուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Քալիֆորնիա նահանգի ժողովրդապետ:
Ան եղած է «Armenian Alliance» բարեգործական հիմնադրամի գլխաւոր հիմնադիր անդամներէն մէկը, որուն հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուած են բազմաթիւ մարդասիրական եւ բարեգործական ծրագիրներ: Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան Կլենտէյլի մէջ ձեռնարկած է հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցումը, որուն օծումը տեղի ունեցած է 2001-ին` ի յիշատակ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակին:
2005 սեպտեմբերին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեանը կ՛անուանէ պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Ամմանի փոխանորդութեան:
2005-ին ան Իտալիոյ մէջ կը հիմնէ «Թելէ Փաչէ Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանը:
2009-ին Երուսաղէմի Հայ կաթողիկէ համալիրին մէջ գտնուող Քրիստոսի Խաչի ճանապարհի 4-րդ կայանին մէջ հայր Ռաֆայէլը հաստատած է Սուրբ Հաղորդութեան մնայուն երկրպագութիւնը, որուն շարունակականութիւնը ապահովուած են Ս. Պօղոսի միաբանութեան քոյրերը:
24 յունիս 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի յատուկ պապական կոնդակով Հ. Ռաֆայէլ Մինասեանը արժանացած է եպիսկոպոսական կարգի իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս կապադովկեան Կեսարիոյ հայոց եւ առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց:
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է 16 յուլիս 2011-ին Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` ձեռամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, ներկայութեամբ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին:
7 օգոստոս 2011-ին Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի գահակալութեան արարողութիւնը:
23 սեպտեմբեր 2021-ին Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը դարձաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք` առնելով գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան անունը: