Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք կատարելիք այցելութենէն առաջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է շրջանային հարցերու: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:
«Արդեօք Զանգեզուրի միջանցքը պիտի բացուի՞. ատիկա քաղաքական հարց է: Զանգեզուրի միջանցքի բացումը դրական ներդրում պիտի ունենայ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններու յաղթահարման գործին մէջ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ան աւելցուցած է, որ եթէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ուզէ հանդիպիլ իրեն հետ, ապա Հայաստանը պէտք է դրական քայլերու ձեռնարկէ:
«Վրաստանի վարչապետը ինծի ներկայացուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հանդիպում ունենալու առաջարկը: Սակայն ատոր համար Հայաստանը պէտք է դրական քայլեր կատարէ: Եթէ այս հանդիպումը կայանայ, ապա Թուրքիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ», յայտարարած է Էրտողան:
Նշենք, որ Էրտողան Պոլսոյ «Աթաթուրք» միջազգային օդակայանէն Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ առաջ լրագրողներուն նաեւ յայտնեց, որ պիտի ընդառաջէ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հանդիպում ունենալու առաջարկին:
Ան Յունաստանի բարի կամքին մասին հարց տուաւ` ըսելով. «Պէտք է տեսնենք հարկադիր քայլեր, որոնք մեր դրացիները պիտի առնեն, եւ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա պէտք եղած որոշումը եւ անոր հիմամբ քայլեր որդեգրենք: Թուրքիան ոչ ոքի ծառան է»:
Էրտողան ըսաւ, որ իր երկիրը կը կրէ 4,5 միլիոն գաղթականի բեռը` շեշտելով, որ Թուրքիան պէտք չէ Եւրոպայի «գաղթականներու պահեստանոց»-ը ըլլայ:



