Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 30-Ամեակին Առիթով Գոհաբանական Մաղթանք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 20, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30-ամեակին նուիրուած Գոհաբանական մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին:

Յընթացս պատարագին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով բարձրացաւ Ս. խորան: Իր աղօթքին մէջ ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ Միածին Որդիին չարչարակից հայ ազգն ու եկեղեցին ազատեց մահէն ու հաղորդակից ըրաւ Իր փառաւոր յարութեան, ու ազգին իշխանութեան գաւազանը դարձեալ ծաղկեցուց: Վեհափառ հայրապետը Աստուծմէ խնդրեց, որ պահպանէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայ եկեղեցին, անոր ուխտեալ սպասաւորներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը. աղօթեց, որ Իր սուր եւ պատուական խաչով հալածէ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիները հայրենիքի սահմաններէն եւ մեր բնակարաններէն դուրս:

Ապա, պատարագիչ Աւետիք աբղյ. Տէր Կարապետեանը յաւուր պատշաճի քարոզեց: Հայր սուրբը ըսաւ, որ կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով ու ձախորդութիւններով, սակայն սա չի նշանակեր, որ մենք պարտուած ենք. այնքան ատեն որ կը հաւատանք Աստուծոյ ամենակարողութեան, ուրեմն` կը յաղթենք: Ան նշեց, որ Աստուած մեզ չստեղծեց, որ տառապանքով լեցուն կեանք մը ապրինք, բայց մարդը ինք չարացաւ, իսկ Տիրոջ վստահողը բնաւ չի տկարանար: Այնուհետեւ, մեկնելով Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան վեհափառ հայրապետին դիտողութենէն` «Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի», հայր սուրբը վստահեցուց, որ 1991-ի անկախութիւնը չվերահաստատեցինք, որպէսզի պարտուինք, աւելի՛ն` ան ըսաւ, որ թշնամին մեզ կը փճացնէ միայն ա՛յն ատեն, երբ մենք կ՛արտօնենք: Եզրափակելով իր խօսքը` ան մաղթեց, որ արցախեան պատերազմին նահատակուած զինուորներուն ու Ցեղասպանութեան նահատակներուն վկայութեամբ եւ Տիրոջ օրհնութեամբ ու օգնութեամբ, պիտի շարունակենք մնալ յաղթական եւ անկախ ժողովուրդ:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ եւս Հանրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ:

Նախորդը

Պահպանել Անկախութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.