Խմբագրական. Հաւաքական Յոյս` Վերականգնումի
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը աշխարհի տարածքին որոտացած պայթումներուն մէջ իր հզօրութեամբ, տարողութեամբ եւ գործած աւերով կը գրաւէ առաջին հորիզոնականները: Պայթումի ատեն արդէն Լիբանանը ենթարկուած էր տնտեսական պաշարումի, ինչ որ յաւելեալ ծանրութեան տակ դրաւ ամբողջ հասարակութիւնը: Միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրները զգուշաւորութեամբ հասցուցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ: Բոլորը նկատի կ՛ունենային աշխարհաքաղաքական կեդրոնի կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցային քաղաքականութիւնը: Այդուհանդերձ, օժանդակութիւնները, կառավարութիւնը շրջանցելով, տարբեր տեսքերով հասան քաղաքացիին:...




















