Երէկ` ուրբաթ, 1 հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Զոհուրին:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան զինուորական կցորդ, գնդ. Պահման Սատեղին: Հանդիպումի ընթացքին Արշակ Կարապետեան ներկայացուցած է իրավիճակը շրջանին մէջ` կարեւոր նկատելով Իրանի դերակատարութիւնը շրջանային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:
Կողմերը քննարկած են նաեւ հայ-իրանական համագործակցութեան խորացման եւ շրջանային խնդիրներուն առնչուող այլ հարցեր:



