Հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու, փորձագէտներու եւ օգնականներու հանդիպումը «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:
Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հաւանական զարգացումները եւ դաշինքի առկայ ու հետագայ մարտավարութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ խմբակցութեան երկամսեայ գործունէութեան, հաստատուած` հետագայ ռազմավարութիւնը:



