ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ մեծանուն քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշակոթող-կիսանդրիին բացումը: Նախաձեռնութեան եւ քանդակին հեղինակը քանատահայ քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեանն է: Քաղաքական գործիչին պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրուեցաւ կեդրոնի նախասրահին` խորհրդանշական բաժինին մէջ, ուր ամէն օր ելեւմուտ կը կատարեն հարիւրաւոր երիտասարդներ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան` արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կերպարն ու գործունէութիւնը, ըսաւ. «Դժուար է թերագնահատել այն դերը, որ ունեցած է Արամ Մանուկեանը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման գործին մէջ: Եթէ չըլլար Արամ Մանուկեանը, չըլլային անոր ժամանակակից նուիրեալ գործիչները` չէինք ունենար Ա. Հանրապետութիւնը, Խորհրդային Հայաստանը, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Արամ Մանուկեանը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր գործած է եւ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ, միշտ հանդէս եկած է իբրեւ լաւ կազմակերպիչ` ըլլայ Պաքուի, Կարսի, Վանի, թէ Երեւանի մէջ: Ան իր որակական յատկանիշներով կրցած է փայլուն արդիւնքներ արձանագրել իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին»:
Համբարձումեանի համաձայն, Արամ Մանուկեան ամէնէն քիչ գնահատուած գործիչներէն է` մինչեւ վերջին տարիները: «Միայն վերջին տարիներուն է, որ, տարբեր առիթներ օգտագործելով, կրցած ենք Արամ Մանուկեան գործիչի մասին բարձրաձայնել: Վստահաբար, թէ՛ երէկ, թէ՛ այսօր, թէ՛ վաղը Արամ Մանուկեանի պէս գործիչներու անհրաժեշտութիւն պիտի ունենանք` իբրեւ կազմակերպող, իբրեւ առաքինի մարդ, իբրեւ միասնութիւն ապահովող, անմնացորդ նուիրեալ: Այս որակներուն շնորհիւ էր, որ Արամ Մանուկեան բոլորին համար դարձած էր ընդունելի, հարազատ, հեղինակութիւն», ըսաւ ան, ապա, վերյիշելով Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը, շեշտեց` արդեօք մենք կը մտածե՞նք, կը գործե՞նք, կ՛ապրի՞նք Արամ Մանուկեանի նման:
«Այս հարցը, կը կարծեմ, իւրաքանչիւր հայ ինքն իրեն միշտ պիտի տայ, եւ եթէ իւրաքանչիւրը փորձէ քիչ մը նմանիլ Արամ Մանուկեանին` աշխարհը «շուռ տալու» կարելիութիւն կ՛ունենանք, այնպէս, ինչպէս ժամանակին ատիկա ըրաւ Արամը, երբ որեւէ մէկը չէր հաւատար, յուսալքութիւն էր, յոյսը չէր երեւեր, բայց Արամը եւ անոր նման գործիչները բերին այդ յոյսը` մեր անկախութիւնը», ընդգծեց Համբարձումեան:
Անդրադառնալով Արամ Մանուկեանի քանդակի ստեղծման` ան ըսաւ, որ ինք սիրով ողջունեց նման նախաձեռնութիւն մը. «Նկատի ունենալով, որ բացօթեայ տարածքի մէջ տեղադրելու ընթացակարգերու հետ կապուած դժուարութիւններ կան, որոշեցինք, որ ճիշդ պիտի ըլլայ կիսանդրին տեղադրել «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, թերեւս հետագային անիկա կարենանք աւելի պատշաճ տեղ մը տեղադրել», դիտել տուաւ Համբարձումեան:
Քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեան պատիւ եւ բերկրանք նկատեց Արամ Մանուկեանի նման հերոսի մը յուշակոթող-կիսանդրին քանդակելը` աւելցնելով, որ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցին առիթով Սարդարապատ յուշահամալիրին մէջ եւս տեղադրուած է իր հեղինակած` Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը:
«Այս կեդրոնին մէջ տեղադրուած կիսանդրին պրոնզաձոյլ արձան է, բայց այստեղ մտնող երիտասարդները, անոր ձգած անմեռ յիշատակին, կտակին դիմաց, վառ պիտի պահեն անոր անմար ջահը, որ տարիներ շարունակ ՀՅԴ-ի մէջ աշխատող բոլոր ղեկավարները, ընկերները ամէնուրեք` Հայաստանէն մինչեւ արտերկիր վառ պահեցին եւ պիտի պահեն, որպէսզի գալիք օրերը պայծառանան Արամ Մանուկեանի լուսահոգի, լուսադէմ եւ լուսապայծառ ծրագիրներով եւ աւանդով», ըսաւ քանդակագործը:
Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան (Ծիրանի)` մեկնաբանելով քանդակն ու Արամ Մանուկեանի կերպարը, ըսաւ. «Արամ Մանուկեան հերոսներու հերոսն էր, որովհետեւ կրցաւ համախմբել ազգը եւ դարձնել մէկ բռունցք: Լա՛ւ նայեցէք Արամի աչքերուն. Յակոբը կերտած է այն պահը, երբ Արամ Մանուկեանը մեզի կը պատգամէ միասնականութիւն եւ միաժամանակ կը պարտաւորեցնէ, որ ըլլանք յանձնառու իր պատգամներուն: Մենք հաշուետու ենք իրեն, որովհետեւ ան է մեր պետականութեան հիմնադիրը, առանց Արամ Մանուկեանի` մենք այսօր պետականութիւն չէինք ունենար»:
ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան` խօսելով քանդակագործին մասին, ըսաւ, որ Յակոբ Ճամպազեան իսկական արամական է, եւ եթէ մենք հայ ենք, ապա իւրաքանչիւրս պէտք է քիչ մը արամական ըլլանք:
«Երբ կ՛ըսենք Արամ` կը հասկնանք պետականութիւն, Հայաստանի վերածնունդ: Մեր այսօրուան սերունդը այն սերունդն է, որ ապրեցաւ իրականութեան մը մէջ, երբ յաղթած, ամուր պետականութիւն ունեցող երկիրը վատ կառավարումով քանդեցին: Համեմատութեան մէջ` 100 տարի առաջ Ցեղասպանութեան ենթարկուած, բզկտուած, քայքայուած, անյոյս, անապագայ թուացող երկիրը մէկ այլ ղեկավար կրցաւ վերականգնել ու դարձնել երկիր ու պետութիւն: Այսինքն` լաւ եւ վատ ղեկավարները կրնան երկիրը քանդել կամ հակառակը` կառուցել», ըսաւ ան` շեշտելով, որ հո՛ս է Արամ Մանուկեանի մեծութիւնը, այս առումով պէտք է զայն գնահատենք: «Արամականութիւնը դարձնելով հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը` մենք հայ ժողովուրդը ազգային կը դարձնենք, որուն մէջ է մեր փրկութիւնը», աւելցուց Շահբազեան:
«Անկախութենէն ետք Արամի տունը դեռ պատշաճ վիճակի մէջ չէ, եւ երեւի թէ նոյնինքն այդ անէծքը մեր գլխուն կախուած է մինչեւ այսօր», ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային Արամ Մանուկեանի տունը` Հայաստանը, կը կառուցուի, կ՛ամրապնդուի, կը շէնանայ: