Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ

Սեպտեմբեր 29, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2021-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, անդամներ Աննա Գրիգորեան, Արթուր Ղազինեան, Արամ Վարդեւանեան եւ Արթուր Խաչատրեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի դեսպան Ճոն Քալաքերի հետ:

Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատեց հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու զարգացումը, երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութիւնը: «Երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնները կը նպաստեն միջազգային խորհրդարանական հարթակներուն վրայ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան», ընդգծեց խմբակցութեան ղեկավարը:

Հանդիպումի ընթացքին խորհրդարանականները խօսեցան պատերազմին պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն եւ ճամբաներուն անվտանգութեան մասին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն` մասնաւորապէս մարդոց եւ պատմամշակութային արժէքներուն նկատմամբ իրականացուող վայրագութիւններուն:

Հանդիպումին ընդգծուեցաւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը գերիներու վերադարձի եւ անհետ կորսուածներու յայտնաբերման մէջ:

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամները անդրադարձան դատաիրաւական համակարգին մէջ առկայ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքի անդամներուն նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումներուն, շեշտեցին, որ անհիմն պատճառաբանութեամբ կը խոչընդոտուին խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն մէջ ընդգրկուած «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն արտասահման այցելութիւնները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանին մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան դերակատարութեան:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

 

 

Նախորդը

Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Եւ Դեսպան Լին Թրէյսի Քննարկեցին Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Իրավիճակը

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Նիւ Եորքի Մէջ Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Համաձայնած Են Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղ Աշխատանքային Ուղեւորութիւնները» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?