«Ազդակ»-ի Տարին (Դ. Եւ Վերջ). Յուշող Հանգամանքներ
Դժուար պայմաններու մէջ բոլորեցինք տարին: Կը թուի, որ այդ պայմանները շուտով բարելաւելի չեն, եւ հաւաքական տքնաջան թիավարումին պէտք է պատրաստուինք իբրեւ «Ազդակ»-ի ընտանիք նաեւ: Կանոնաւոր կշռոյթով թիավարումը կապուած էր կարգ մը հանգամանքներու: Առաջին հերթին, մեր աշխատակազմի աննկուն կամքին տեղի չտալու, «Ազդակ»ի հրատարակութեան անխափանութիւնը սակարկելի չդարձնելու, շատ կարճատեւ հեռակայ աշխատանքէն ետք խմբագրատուն ներկայանալու եւ մանաւանդ արժեզրկուող աշխատավարձերով ի գին մեծ զոհողութիւններու...



















