Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Դեսպանութիւնը Պատասխանեց Ազրպէյճանցի Երեսփոխաններուն` Հաստատելով Կապոյտ Մզկիթին Իրանական Ըլլալը

February 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը արձագանգեց Երեւանի Կապոյտ մզկիթ այցելած ազրպէյճանցի երեսփոխաններուն, որոնք իրանական ճարտարապետական կոթողը կոչած էին «ազրպէյճանական յուշարձան»:

Դեսպանատունը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հայերէն, պարսկերէն եւ անգլերէն գրութիւններով հրապարակեց մզկիթին եւ այնտեղ պարսկերէնով կատարուած պատմական արձանագրութիւններուն լուսանկարը: «Իրանական արուեստի խորհրդանիշը` Կապոյտ մզկիթը, վերջին երեք տասնամեակներուն աշխուժօրէն գործած է իբրեւ Հայաստանի մէջ բնակող իսլամներու աղօթատեղի եւ հաւաքատեղի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային գրաւչութիւն», կը նշուի դեսպանութեան էջին վրայ անգլերէնով կատարուած գրառման մէջ:

Իսկ հայերէն գրառման մէջ կը նշուի. «Պատմութեամբ հետաքրքրուողները շատ լաւ կ՛ընկալեն աւելի քան երկու հարիւրամեայ վաղեմութեամբ պարսկական արձանագրութիւններ ունեցող Կապոյտ մզկիթի ճարտարապետութեան բարձր մշակութային արժէքը եւ ինքնութիւնը: Մեծ բարեբախտութիւն է, որ այս պատմական արձանագրութիւնները պահպանուած են»:

Բոլոր գրառումներուն մէջ ալ դեսպանութիւնը յատուկ նշում կատարեց Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով զբաղող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի էջերուն:

«Կը Հաւատանք, Որ Մզկիթին Իսկական Տէրերը` Ազրպէյճանցիները Շուտով Պիտի Կարենան Այստեղ Նամազ Կատարել» Կ՛ըսեն Ազրպէյճանցի Երեսփոխանները

Երեւան այցելած երկու ազրպէյճանցի երեսփոխանները այցելած են Երեւանի պարսկական Կապոյտ մզկիթ:

«Մենք Կապոյտ մզկիթին մէջ էինք: Ասիկա, որքան գիտենք, Ազրպէյճանի միակ յուշարձանն է, որ Երեւանի մէջ պահպանուած է: Հակառակ այն հանգամանքին, որ անոր պատերուն վրայ կան այլ պետութեան մասին գրութիւններ, սակայն անոր պատերը, անոր ճարտարապետութիւնը, անոր ոգին մեզի կը պատկանին: Մենք զգացինք այս հարազատութիւնը: Կը կարծեմ, որ մզկիթն ալ ատիկա զգացած է:

«Մենք կը հաւատանք, որ իսկական տէրերը շուտով պիտի կարենան իրենց նամազը կատարել այս մզկիթին մէջ», գրած է ազրպէյճանցի երեսփոխաններէն Թայիր Մարքիշիլին:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները

Յաջորդը

Խմբագրական. Նոր Նուարսակի Դաշնագիրի Կնքման Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.