Հայաստանը Պիտի Կազմակերպէ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ. 100 Հայ Խաղաղապահներ Հասած Են Ղազախստան
Շաբաթ, 8 յունուար 2022-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի առաջարկը` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստ կազմակերպելու մասին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ հայկական կողմը` իբրեւ ՀԱՊԿ-ի գործող նախագահ, պիտի զբաղի այդ տեսաժողովին կազմակերպումով: Աւելի կանուխ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի զինուած...




















