Երէկ` երկուշաբթի, 28 փետրուար 2022-ին, «Անի փլազա հոթել» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 28 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Բացումը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ քայլերգներով:
Տէրունական աղօթք կարդաց Նաթան արք. Յովհաննիսեանը եւ փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու օրհնութիւնը:
«Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ, ուրախութիւն ունիմ այստեղ գտնուելով փոխանցելու ձեզի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնները, օրհնութիւնը եւ ամենայն բարի գործոց յաջողութեանց մաղթանքները: Այսօր 28 փետրուարն է, մեզի համար այս օրը օրացոյցին մէջ յատուկ տեղ ունի, եւ ընդհանրապէս փետրուար ամիսը, որ ճիշդ 34 տարիներ առաջ սկիզբ եղաւ այն ամէն վերելքներուն, որ մենք ունեցանք, այնուհետեւ դժբախտաբար ամէն կորուստները, որ ունեցանք վերջին տարիներուն: 34 տարիներ առաջ մեր անմեղ հայրենակիցները Սումկայիթի մէջ զոհ դարձան նոր տեղական ցեղասպանութեան, եւ ես կ՛ուզեմ, որ մենք բոլորս յիշենք անոնց յիշատակը, աղօթենք անոնց հոգիներու հանգստութեան համար», իր խօսքին մէջ ըսաւ Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:
Ելոյթներով հանդէս եկան` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի մեր հայրենիքին ու հայութեան համար խիստ բախտորոշ ժամանակահատուածի մը մէջ. Հայաստանը կորսնցուցած է յաղթանակած երկիր ըլլալու հանգամանքը, Արցախը վիրաւոր է եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը տագնապահար վիճակի մէջ է: Մինչեւ սեպտեմբեր 2020, մեր ազգային նորագոյն զարթօնքը Հայաստանի վերանկախացումէն եւ Արցախի ազատագրումէն ետք, խարսխուած էր անխոցելիութեան պատրանքին վրայ եւ, հակառակ Հայաստանի բազմապիսի ներքին վերիվայրումներուն, մեր միտքին մէջ ամրագրած էր յաւերժական անկախ Հայաստանի տեսլականը: Այսօր խարխլած է այդ տեսլականը եւ հայկական անկախ պետականութիւնն ալ` վտանգուած: Այս իշխանութեան անընդունելի եւ աններելի քայլերուն պատճառով տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի արդիւնքը, շարունակուող պառակտումի քաղաքականութեան սաստկացումը, մեր թշնամիներուն հանդէպ ցուցաբերուող պարտուողական հոգեբանութիւնը, միակողմանի զիջումներու պատրաստակամութիւնը եւ կեղծ խաղաղութեան պատրանքով ժողովուրդը մոլորեցնելու ու թշնամիին հաճոյանալու ամբոխավարութիւնը»:
Իր ելոյթի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ այն համակիրներուն, բարերարներուն, որոնք երկար տարիներ ՀՅ Դաշնակցութեան կողքին եղած են:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ նշեց. «ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը կը սկսի մեր ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան համար բախտորոշ ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ հայրենիքը կանգնած է ներքին ու արտաքին անվտանգութեան առնչուող լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ:
«Այս նոր իրավիճակին մէջ որքա՞ն կենսունակ պիտի ըլլայ Հայաստանը` կախեալ է մեր ժողովուրդէն, մեր բոլորին կամքէն եւ վճռականութենէն, հայոց պետականութեան առջեւ հայ մարդու պատասխանատուութենէն:
«Պէտք է վերականգնել արժանապատուութիւնը, յաղթահարել պարտուածի եւ փոքր պետութիւն ըլլալու հոգեբանութիւնը, ունենալ ազգային երազանք եւ երթալ այդ երազներուն ետեւէն»:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան նիստը վերջ գտաւ:
Նշենք, որ Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ-ի համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին անգամ մը: 34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, որ պիտի տեւէ մինչեւ 8 մարտ 2022:


