Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ Միքաթիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Պութրոս Ասաքեր:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ որոշուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովել եւ այդ աշխատանքին մանրամասնութիւնները սերտել Ուքրանիոյ, Լեհաստանի եւ Ռումանիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատուներուն հետ գործակցաբար:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ ցարդ Ուքրանիան լքելու համար ապահով անցքեր գոյութիւն չունին, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք հոն գտնուող լիբանանցիներուն ապահով վայրերու մէջ ապաստանելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ապահով անցքեր երաշխաւորել», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ դէպի սահմանամերձ անցքեր ուղղուող լիբանանցիները իրենց պատասխանատուութեամբ է, որ առած են այդ քայլը` մաղթելով, որ անոնք զգուշութեամբ փոխադրուին:
Միւս կողմէ, Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր յայտարարեց, որ լեհական իշխանութիւններուն հետ համաձայնաբար, եւ Լեհաստանի լիբանանեան դեսպանատան հետ գործակցաբար, որոշուած է Վարշաւայի 31wyzcolenia շրջանին մէջ գտնուող «Երեխաներու հետ բարեկամութիւն» միութեան կեդրոնը վերածել Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիները համախմբելու վայրի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ անոնց Լիբանան փոխադրութիւնը:
«Երեխաներու հետ բարեկամութիւն» միութեան կեդրոնին հետ կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ կայքին` www.integracjaserock.pl եւ հեռաձայնի թիւին` (22) 7826843-509 673 133 միջոցով:


