Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընդհանուր Ժողովին Գլխաւոր Օրակարգն Է ՀՅԴ-ի Քաղաքական Ընդհանուր Ռազմավարութիւնը Ճշդելը» Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

February 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ով ալ ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի նոր ներկայացուցիչ` հիմակուընէ ես յաջողութիւն կը մաղթեմ եւ կ՛ըսեմ, որ մենք պիտի ըլլանք զինուոր այս կազմակերպութեան», «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` անդրադառնալով 28 փետրուարին մեկնարկող ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին Բիւրոյի նոր կազմ ընտրելու հարցին:

«ՀՅԴ-ի գործը, ընդհանրապէս, չ՛աւարտիր: Բնականաբար, շատ բաներ կիսատ են, բոլորս ալ տրամադրուած ենք այս կազմակերպութեան: Բայց ես միշտ ըսած եմ եւ կ՛ըսեմ` ինծի համար կարեւոր չէ` Բիւրոյի անդա՞մ եմ, թէ՞ ոչ, ես, իբրեւ դաշնակցական, պիտի բերեմ իմ բաժինս, մնացածը ժողովի որոշումն է», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Եռաբլուրի մէջ, ուր ամբողջ աշխարհէն հասած պատուիրակներու հետ ծաղիկներ խոնարհեց նահատակ զինուորներու յիշատակին:

Ան ընդգծեց, որ դաշնակցական ժողովները պարզապէս ձեւական չեն, իսկապէս վճռորոշ ժողովներ են:

Ընդհանուր ժողովը, ըստ անոր, ունի բազմաթիւ օրակարգեր. ամէնէն գլխաւորը ՀՅԴ-ի քաղաքական ընդհանուր ռազմավարութիւնը ճշդելն է, Հայ դատի ուղղութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները ճշդելն է, ներազգային ճակատի վրայ յարաբերութիւնները ճշդելն է, այսինքն` համահայկական այլ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատներու, որոնք դերակատար են հայ կեանքին մէջ: Ժողովը պիտի քննէ նաեւ ներքին կազմակերպական ու տնտեսական հարցեր: Այդ պատճառով է, որ ժողովը 7-էն 10 օր պիտի շարունակուի:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրուած է 2019-ին` մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակաշրջանի մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ մանաւանդ 2019-ին, երբ ընտրուեցաւ այս Բիւրոն, դէմ յանդիման գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ նոր իրողութեան, որովհետեւ նոր իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ մէկ տարի է կը գործէին, բայց տակաւին չէր սկսած այն տխուր ժամանակաշրջանը, որ շատ աւելի վատացաւ 2019-ի աւարտին:

«Աւելի՛ն, Թագավարակի համաճարակը ունեցանք, որ ազդեց ո՛չ միայն անհատապէս իւրաքանչիւր հայու, այլ նաեւ համայնքներու, հայրենիքի վրայ, եւ տագնապի մատնեց շարք մը շրջաններ, օրինակ` Լիբանանը, Սուրիան, եւ անշուշտ Հայաստանն ու Արցախը: Աւելցաւ Լիբանանի (Պէյրութի նաւահանգիստի, «Ա.») պայթումը: Իսկ ամէնէն աղէտալին 2020-ի սեպտեմբերեան պատերազմն էր: Ասիկա պատերազմ էր, որմէ այս իշխանութիւնը պէտք է ամէն գնով խուսափէր, բայց իր վարք ու բարքով, իր հռետորաբանութեամբ, ընդհակառակը, աւելի գրգռեց: Եւ նկատի ունենալով, որ 2018-էն ետք Հայաստանը յատուկ ուշադրութիւն չէր դարձուցած հայ-ռուսական, հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, անոր համար, դժբախտաբար, այդ շրջանին բոլոր նախադրեալները կային, որ այս պատերազմը սկսելէ ետք անպայմանօրէն չունենար յաջող ելք, եւ բոլորս ականատես եղանք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն պարտութեան», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր Պանթէոն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.