Տեղ Համայնքի Բնակիչը Առեւանգուած Է Ազրպէյճանի Կողմէ
Երէկ` հինգշաբթի, 13 յունուար 2022-ին, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի բնակիչը հօտը արօտավայր տանելու ընթացքին յայտնուեցաւ ազրպէյճանական կողմը: Տեղեկութիւնը հաստատեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Իսկ Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ Սուրիկ Մաթեւոսեանին հօտը սահմանը անցած է, իսկ ան գացած է զանոնք ետ բերելու եւ առեւանգուած ազրպէյճանցիներուն կողմէ: Դէպքը արձանագրուեցաւ Արաւուս-Խնածախ գիւղերու արօտավայրին մէջ, որ ազրպէյճանական դիրքերէն շուրջ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ...




















