Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Եւ Մաքրոն Կարեւոր Նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Համապարփակ Լուծումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ

March 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2022-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուէր: Ան  Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն:

Հանդիպումի ընթացքին Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը: Հայաստանի վարչապետը անթոյլատրելի նկատեց իրավիճակը լարելու իւրաքանչիւր փորձ եւ նշեց, որ, ինչպէս Արցախի մէջ, այնպէս ալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճան կը շարունակէ սադրիչ գործողութիւնները, որոնց պատճառով հայկական կողմը 7 մարտին ունեցաւ զոհ մը եւ վիրաւոր մը:

Անոնք կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ, նաեւ` 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւններուն իրականացումը:

Ըստ հայկական կողմին տարածած հաղորդագրութեան, առանձնազրոյցին ընթացքին զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Փարիզի մէջ «Յաւակնութիւններ` Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողովի կայացումը եւ համոզմունք յայտնեցին, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման:

Կողմերը ընդգծեցին եւ յոյս յայտնեցին, որ փոխադարձ վստահութեան եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական փոխադարձ գործակցութիւնը յառաջիկային նոր թափով կը զարգանայ` միացեալ տարբեր նախագիծերու քննարկումով ու իրականացումով:

Հայաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է ֆրանսական գործարարութեան` հայաստանեան շուկային մէջ ներկայացուածութեան ընդլայնումով: Ֆրանսայի նախագահը իր կարգին ընդգծեց բարեկամ Հայաստանի հետ տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ կապերը խորացնելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնն ու հետաքրքրուածութիւնը:

Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւի Նախագիծը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաշտպանելու Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Ներդրումը Բերելու Արցախի Վերականգնման Գործին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.