Երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտ 2022-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Անոնք անդրադարձան հայ-ռուսական համագործակցութեան հարուստ օրակարգին, քննարկեցին դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Նախարարները միտքեր փոխանակեցին ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ փոխադարձ գործակցութեան սերտացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման շուրջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին: Կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ եւ տեւական լուծման խաղաղ բանակցութիւններու լիարժէք վերսկսումը:


