Ռուբինեան. «Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին Հետ Կը Փորձենք Քննարկել Դրական Հարցերը»
Երէկ` երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ առաջին հանդիպումին միտքեր փոխանակուեցան, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն գործընթացը` թէ՛ թեքնիք, եւ թէ՛ նաեւ բովանդակային առումով: «Հիմնականին մէջ ճանաչողական բնոյթ ունէր, եւ հիմնականին մէջ միտքեր փոխանակած ենք այն մասին, թէ ինչպէս կը տեսնենք գործընթացը`...




















