Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Անդամները

March 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2022-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամները` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի:

Կուսակցութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հայրապետին տեղեկութիւններ ներկայացուցին ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն եւ արձանագրած արդիւնքներուն վերաբերեալ, անդրադարձ կատարեցին ՀՅԴ հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն:

Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորեց ներկաները Բիւրոյի կազմին մէջ ընտրուելու առիթով` կարեւոր նկատելով հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ առկայ ճգնաժամի յաղթահարման, ազգային ոգիի բարձրացման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերու զօրացման ուղղուած ջանքերը:

Հանդիպումի ընթացքին վեհափառ հայրապետը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները քննարկեցին հայրենական կեանքն ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդը յուզող հիմնախնդիրները, ընդգծեցին համազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Առկայ խնդիրներու դիմագրաւման գործին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ Հայոց եկեղեցւոյ ազգաշահ առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիսը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.