Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Նոր Բանաձեւի Նախագիծը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաշտպանելու Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը

March 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բանաձեւին մէջ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին  կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր, ինչպիսիք են Ջրականի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարը: Ընդգծուած է նաեւ, որ Հայտար Ալիեւի եւ աւելի ուշ անոր որդիին` Իլհամ Ալիեւի օրերուն Ազրպէյճանը Նախիջեւանի մէջ ոչնչացուցած է մինչեւ 100 հայկական եկեղեցի, հազարաւոր խաչքարեր, տասնեակ հազարաւոր տապանաքարեր եւ մշակութային ժառանգութեան այլ առարկաներ: Ըստ բանաձեւին, ասիկա կը վկայէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան հաւանական ճակատագիրին մասին, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն Նախիջեւանի շրջանին մէջ հայկական մշակութային վայրերու գոյութիւնը:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2347 (2017) բանաձեւին համաձայն, ապօրինի յարձակումները կրօնի, կրթութեան, արուեստի, գիտութեան, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններու վրայ կրնան զինուորական յանցագործութիւն ըլլալ, եւ նման յարձակումներու հեղինակները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Այսպիսով` բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:

Բանաձեւը նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կոչ կ՛ուղղէ ամբողջութեամբ գնահատելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան վիճակը Զինեալ տագնապներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրի շրջանակներուն մէջ եւ հետեւիլ բոլոր կողմերու համապատասխան առաջարկներուն, Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերելու:

Բանաձեւը Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը յորդորէ լիովին համագործակցիլ միջազգային հետաքննութիւններու հետ եւ կատարել իրենց պարտականութիւնները` 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրին համաձայն:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին բանաձեւը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` համագործակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ` ապահովելու համար փաստահաւաք առաքելութեան անարգել մուտքը:

Բանաձեւը Ազրպէյճանին նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը` ամբողջութեամբ կատարելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, մասնաւորաբար զերծ մնալու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելէ կամ հայկական պատմական մշակութային ներկայութիւնը ջնջելէ կամ հայերուն մուտքը արգիլելէ եւ այլն:

Բանաձեւով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի, միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ, ապահովելու միջազգային օրէնքի խախտման բոլոր մեղադրանքներուն արդիւնաւէտ հետաքննութիւնը, ներառեալ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցով եւ այնպիսի յարձակումներու, ինչպիսին է 8 հոկտեմբեր 2020-ին յարձակումը Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարին վրայ:

Բանաձեւը նաեւ երկու երկիրներու, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը յորդորէ դադրեցնելու ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան քարոզչութիւնը դասագիրքերու, ընկերային ցանցերու եւ Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած «Ռազմական աւարի պուրակ»-ին միջոցով եւ աշխատելու երկու հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան եւ իրարու մշակոյթներուն նկատմամբ յարգանքի վերականգնման ուղղութեամբ: Բանաձեւին մէջ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին կը յորդորէ նոր ջանքեր գործադրելու` երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու եւ կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան. «Լաչինի Միջանցքը Զինուորական Նպատակով Կ՛օգտագործուի»

Յաջորդը

Փաշինեան Եւ Մաքրոն Կարեւոր Նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Համապարփակ Լուծումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.