Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեանն ու Վահէ Յակոբեանը Հեռացուեցան Ազգային Ժողովի Իրենց Պաշտօններէն

July 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 1 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ, Ազգային ժողովը Իշխան Սաղաթէլեանը հեռացուց իր փոխնախագահի պաշտօնէն եւ դադրեցուց Վահէ Յակոբեանի լիազօրութիւնները` Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի պաշտօնէն:

Մինչ Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուէր ընդդիմադիրները` պաշտօնէն հեռացնելու հարցը, «Դիմադրութիւն» շարժումը բողոքի ցոյց կատարեց Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ:

107 պատգամաւորներէն քուէարկութիւններուն մասնակցեցան 66-ը, որոնք «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի անդամներ էին, անվաւեր քուէաթերթիկներ չկային, ձայները բաշխուեցան հետեւեալ կերպով` Իշխան Սաղաթէլեանը պաշտօնազրկելու` թեր 66, դէմ 0, Վահէ Յակոբեանը պաշտօնէն արձակելու` թեր 66, դէմ 0:

Իշխան Սաղաթէլեան Խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնէն հեռացուելուն լուրը ստանալէ ետք յայտնեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը ինքնակամ պիտի հրաժարի Ազգային ժողովին մէջ իր վարած միւս պաշտօններէն եւս` աւելցնելով, որ զինք եւ Յակոբեանը պաշտօններէն հեռացնելը քաղաքական հետապնդում է, իսկ այս գծով իշխանականներուն հիմնաւորումները` ծիծաղելի:

Նոյն օրուան ընթացքին, աւելի ուշ, «Հայաստան» խմբակցութենէն Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու յանձնախումբի նախագահ Արմէն Գէորգեանը, Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Արթուր Խաչատրեանը, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Թադեւոս Աւետիսեանը յայտնեցին իրենց հրաժարականներուն մասին: «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր խմբակցութենէն ալ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Հայկ Մամիջանեան յայտարարեց պաշտօնէն հեռանալու մասին:

«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն անունով, Սաղաթէլեանի ու Յակոբեանի պաշտօնազրկման հարցին մասին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ անոնք խորհրդարան մուտք գործելու առաջին իսկ օրէն շեշտած են, որ Ազգային ժողովի վարչական պաշտօնները իրենց համար ինքնանպատակ չեն, այլ ընդդիմադիր գործունէութեան օժանդակելու գործիք, ինչ որ կը բխի Սահմանադրութենէն ու ժողովուրդին տուած քուէէն:

 

Նախորդը

Հայաստան Եւ Թուրքիա Համաձայնեցան Երրորդ Երկիրներու Քաղաքացիներու Համար Ցամաքային Սահմանի Հատման Կարելիութիւն Ապահովել

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.