Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւնեան. «Աղաւնոյի Համար Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ»

Յուլիս 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի խորհրդարանին մէջ 30 յունիսին ներկայացուց 2021-ին կատարած աշխատանքները եւ պատասխանեց պատգամաւորներուն հարցումներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին Աղաւնոյ շրջանի ճակատագիրին եւ նոր ճամբաներու կառուցումով ստեղծուելիք նոր կացութեան:

Ան վստահեցուց, որ Լաչինի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին համար պիտի շարունակեն պայքարիլ: Վարչապետ Փաշինեան երեք օր առաջ յայտարարեց, որ Բերձոր-Լաչինը շրջանցող նոր ճամբու շահագործման սկսելէ ետք ԼՂԻՄ-ի սահմանէն դուրս գտնուող գիւղերը` Բերձորը, Աղաւնոն ու Սուսը պիտի անցնին Ազրպէյճանին:

«Հայաստանի վարչապետին հետ քննարկման ժամանակ ես ըսի` Աղաւնոյի հարցը այսօր չենք քննարկեր, մենք կը կատարենք բանակցութիւններ, եւ այդ հարցը ձգեցէք բանակցային այս փուլին, տեսնենք, թէ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ինչպիսի՛ հաւանական լուծումներ կան», յայտնեց Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը բանակցութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ չներկայացուց` ուղի՞ղ կը բանակցին, թէ՞ միջնորդներու միջոցով: Յստակ կերպով խօսեցաւ Բերձորի ճակատագիրին մասին` դիտել տալով, որ պարտաւոր են յանձնել Բերձոր քաղաքը, իսկ Աղաւնոյ բնակավայրին առնչութեամբ տակաւին աշխատանք կը տանին, բանակցութիւնները կը շարունակեն: Սուս գիւղին մէջ, ըստ Յարութիւնեանի, ներկայիս գրեթէ բնակիչ չկայ:

Պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան  հարցուց, թէ արդեօք նոր ուղիի կառուցման հարցը քննարկելու ատեն նկատի ունեցա՞ն այդ գիւղերու հայաթափման վտանգը: Նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ, որ այդ հարցը չէ քննարկուած, իսկ հիմնականը Աղաւնոյի պարագան է:

Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ռուսիայէն եւ Ազրպէյճանէն նոր մայրուղիի նախագիծի քանի մը առաջարկներ ստացուած են: Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, ուր քաղաքական ուժերէն ալ ներկայացուցիչներ եղած են, քննարկած ու, իր ձեւակերպումով` ամէնէն անվտանգ տարբերակը ընտրած են: Ան աւելցուց, որ կան գաղտնիքներ, որոնց մասին չի կրնար խօսիլ եւ յստակացնել, թէ ինչո՛ւ այդ տարբերակը ընտրած են:

44-օրեայ պատերազմէն ետք Լաչինի միջանցքը Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհն է: Լաչինի շրջանի մեծ մասը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ վերջին պատերազմէն ետք:

Ազրպէյճանի կառուցած ճամբան նկարագրելով` Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ, թէ կառուցուող մայրուղին, որ պիտի շրջանցէ Բերձորը, աւելի անվտանգ է ու քանի մը անգամ աւելի որակաւոր, քան գործողը: Ըստ անոր,  ապահովական երաշխիքները, որոնց մասին մանրամասնութիւններ չտուաւ, աւելի մեծ են: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է քննարկուի այն, որ այդ ճամբէն հրաժարիլը ի՛նչ հետեւանքներ կ՛ունենայ: «Խնդրեմ, որոշենք: Հետեւանքներուն մասին ալ միասին պատասխան տանք այս երկրին մէջ ապրողներուն, մօտ հարիւր քսան հազար բնակիչի ճակատագիրի մասին ալ մտածենք»:

Աղաւնոյ գիւղին համար կը պայքարին եւ պիտի պայքարին նաեւ շրջանի բնակիչները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անոնք կը պնդեն, որ չեն պատրաստուիր լքելու գիւղը: Այս համայնքին մէջ կ՛ապրի շուրջ 200 բնակիչ, մանկապարտէզ ու դպրոց կայ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Սերպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ Ունեցած Են

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

«Հայութեան Համար Արցախը Մահու  Եւ Կենաց Խնդիր Է». ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայութեան Համար Արցախը Մահու Եւ Կենաց Խնդիր Է». ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Օգոստոս 9, 2022
Փութին Եւ Փաշինեան Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով  Համաձայնութիւններու Իրականացման Ընթացքը
Հայկական

Փաշինեան-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Քննարկուած Է Արցախի Իրավիճակը

Օգոստոս 9, 2022
Փաշինեան-Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Հայկական

«Փաշինեանի Հետ Շատ Կառուցողական Զրոյց Ունեցած Ենք. Կը Հաւատամ, Որ Մեր Շրջանը Կարճ Ժամանակի Մէջ Պիտի Կայունանայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In