Եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Տապլինի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ որդեգրած են միացեալ յայտարարութիւն մը` աջակցութիւն յայտնելով Հայաստանին: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Եւրոպական խորհուրդի կայքին վրայ:
«Ֆրանսայի, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչը այսօր Տապլինի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
«Գերմանիոյ, Նորվեկիոյ, Լեհաստանի, Նետերլանտներու, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին հետ միասին անոնք հանդէս եկած են հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան, անկախութեան ու դիմակայունութեան:
«Հինգ ամիս առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հակառակ Ռուսիոյ բազմաբնոյթ միջամտութիւններուն, անոնք հայ ժողովուրդին կարելիութիւն տուին յստակ ընտրութիւն կատարելու յօգուտ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ Եւրոպայի հետ սերտ կապերու:
«Այդ ժամանակէն ի վեր Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ գործադրուող ուղղակի քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումները շարունակաբար կ՛ուժեղանան: Ռուսիան Հայաստանի արտածման նկատմամբ աննախադէպ սահմանափակումներ կիրարկած է եւ այժմ կը սպառնայ ուժանիւթի մատակարարումները իբրեւ ահաբեկման միջոց օգտագործել:
«Ի պատասխան` մենք քայլեր կը ձեռնարկենք` Հայաստանին կարելիութիւն տալու պաշտպանելու իր գերիշխանութիւնը եւ ազատօրէն ընտրելու սեփական ապագան: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Հայաստանին տնտեսական գործընկերութիւններու բազմազանացման հարցին մէջ, մասնաւորաբար` առեւտուրի եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ` հիմնուելով Եւրոպական Միութեան որոշման վրայ, որով կասեցուած են դէպի Եւրոպական Միութիւն արտածուող հայկական ապրանքներու 80 առ հարիւրի նկատմամբ մաքսատուրքերը:
«Մենք նաեւ կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացքին եւ 2025 թուականի օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումէն ի վեր արձանագրուած նշանակալի յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
«Մենք կը խրախուսենք այդ ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրութիւնը` ի շահ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


