Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրմէ խնդրած են Իրանի վերաբերեալ կացութիւնը որոշ ատեն այսպէս պահել` նշելով, որ այդ պետութիւնները զինք մղած են Թեհրանի նկատմամբ տարբեր ձեւով վարուելու:
Ըստ Թրամփի, եթէ այդ պետութիւնները այդ խնդրանքը չներկայացնէին, ինք Իրանը «ամբողջովին» պիտի ոչնչացնէր, եւ, ինք կրնայ «իրանեան վարչակարգին անմիջապէս վերջ տալ», սակայն ընտրած է ուղի մը, որ աւելի երկար կը տեւէ, ընդառաջելով նշեալ երկիրներուն, որոնց կ՛ուզէ պաշտպանել:
Ան Միջին Արեւելքի պետութիւններուն հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնը որակեց «հոյակապ»` մատնանշելով Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնց ներդրումներու ծաւալը:
Սպիտակ տան ղեկավարը հաւանական նկատեց, որ պենզինի գինը միջանկեալ ընտրութիւններուն մէջ քուէարկողներու դիրքորոշման վրայ ամէնէն շատ ազդած ազդակը եղած ըլլայ` աւելցնելով, որ կը նախատեսէր, որ ամերիկացիները տոկան վառելանիւթի գիներու բարձրացման, եւ թեկնածուները կարենան շրջանցել անոր քաղաքական հետեւանքները: Ան պնդեց, որ գիներու բարձրացումը, Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելուն դիմաց, գին մըն է, որուն կարելի է տոկալ:
Թրամփ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պահպանած են Իրանի ելեկտրականութիւն արտադրելու կարողութիւնը եւ չեն թիրախաւորած ուժանիւթի ոլորտը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան Իրանի այդ ոլորտը, կամուրջներն ու արտադրողական կարողութիւնը քանդել երեք օրուան մէջ` իւրաքանչիւրին համար մէկ օր արագութեամբ:
Ան նախքան այդ ալ յայտնեց, որ իրանեան վարչակարգը կը քայքայուի, հակառակ անոր յայտարարութիւններուն, որոնց միջոցով կը փորձէ իր ուժը ցուցադրել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց, որ Իրան Հորմուզի նեղուցին վրայ իր վերահսկողութիւնը կորսնցուց, եւ ինք պիտի չտատամսի զինուորական քայլեր որդեգրելու, «եթէ ուզած ներկայ քայլերը չիրականանան»:
«Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ Իրանի դէմ զինուորական ուժը դարձեալ կիրարկելու, պիտի չտատամսինք, եւ կրնամ ատիկա հիմա ընել», աւելցուց Թրամփ:
Թրամփի եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի Իրանի վերաբերեալ ժողովին ծանօթ դիւանագէտ մը «Ֆայնենշըլ Թայզմ» օրաթերթին յայտնած է, որ քննարկումները դրական էին, եւ անոնց ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, թէ դիւանագիտութիւնը համաձայնութեան հասնելու նախընտրելի ուղին է:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը Ամերիկայի մէջ իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է մօտ օրէն Իրանի հետ կռիւի վերսկսման հաւանականութեան պատրաստուիլ»:
Պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն շրջան զինուորական սարքեր ու ներուժ տեղափոխել, եւ Միացեալ Նահանգները ներկայիս Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի իրենց ռազմակայաններուն մէջ վառելանիւթ մատակարարող շուրջ 200 օդանաւեր ունին, եւ յունիսէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով «Ճորճ Ուաշինկթըն» եւ «Ճորճ Պուշ» օդանաւակիրները շրջանին մէջ կը գտնուին, իսկ «Ռուզվելթ» օդանաւակիրը յառաջիկայ շաբաթ Արաբական ծով պիտի հասնի:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատականներու պետ Հաքիմ Ճերֆրիզ Իրանի դէմ պատերազմը որակեց «աղէտալի եւ անօգուտ»` շեշտելով, որ դեմոկրատականները առաջին իսկ օրէն անոր դէմ էին:
Ան նշեց, որ պատերազմին պատճառով ապրանքներու գիները բարձրացան, Ամերիկան նուազ ապահով դարձաւ, եւ իրանեան վարչակարգին ուժը աճեցաւ: Ան խոստացաւ ամէն ջանք թափել այդ պատերազմին վերջ տալու համար:


