Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ եւրոպացիները Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու յառաջիկայ բանակցութիւններուն ներկայ պիտի ըլլան: Ան այս մասին յայտարարեց Տապլինի մէջ ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ իր հանդիպումէն ետք:
Ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշներ իր կարգին շեշտեց, որ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ «կարելի չէ այս համաձայնութիւնը կնքել, առանց բանակցութեան սեղանին վրայ եւրոպացիներու ներկայութեան»:
«Կը կարծեմ, որ այդ մէկը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կրնանք իրագործել», աւելցուց Քուշներ:
Ան նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Երկու կողմերն ալ այժմ համաձայնած են ընդլայնելու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` այնտեղ ներառելով մեր եւրոպացի գործընկերները: Ատիկա մեզի պիտի արտօնէ դիտարկել Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ոլորտի աւելի լայն յետպատերազմեան պայմանաւորուածութիւնները` Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տարածքային տարակարծութիւններու հետ միատեղ»:
Քուշներ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բազմակողմ բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ:
Փութին Ուիթքոֆի եւ Քուշների հետ իր բանակցութիւններէն ետք Քրեմլին հրաւիրած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները, եւ Ապու Տապիի մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան անդամներէն խնդրած է ներկայացնել բանակցութիւններու արդիւնքները:
Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտարարեց. «Ռուսերը խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ ուժեղ բանակցողներ չեն ուզեր եւ կը ջանան իրենց պահանջները պարտադրել»:
«Ռուսերը Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններուն մասնակցութիւնս չեն ուզեր, սակայն որոշումը իրենց ձեռքը չէ», նշեց Քալլաս:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիան եւրոպացիները Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ բանակցութիւններուն մասնակից դարձնելէ առաջ կ՛ուզէ անոնց «մտադրութիւնները» իմանալ:
«Երբ անոնց իսկական մտադրութիւնները եւ խաղաղութեան հոլովոյթին նպաստելու անոնց պատրաստութեան տարողութիւնը իմանանք, այն ատեն կրնանք ընդլայնուած ձեւաչափով բանակցութիւններ վարելու որոշումը տալ», նշեց Փեսքով:
Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոն իր կարգին երէկ յայտնեց. «Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ բանակցութիւնները պէտք է Ֆրանսան եւ Գերմանիան ներառեն, եւ կ՛ողջունեմ Իտալիոյ եւ Լեհաստանի մասնակցութիւնը:


