Ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշներ Ապու Տապիի մէջ բանակցութիւններու առաջին օրը որակեց կառուցողական` յայտնելով, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններու առաջին օրուան արդիւնքներուն հիմամբ լաւատես է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Ուքրանիան պիտի ստանայ անվտանգութեան միայն այն երաշխիքները, որոնց համաձայն պիտի ըլլայ Ռուսիան: Առանց Քրեմլինի համաձայնութեան, նման երաշխիքները վաւեր պիտի չըլլան»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց, որ ռուսական պատուիրակութիւնը Ապու Տապիի մէջ Եւրոպայի ներկայացուցիչներու հետ հաղորդակցութիւն չէ ունեցած:
Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի օր բանակցութիւնները տեւած էին շուրջ 4,5 ժամ: Քննարկուած էին անվտանգութեան երաշխիքները, գերիներու փոխանակումն ու տարածքային հարցերը:
Երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններու երկրորդ օրը:
Ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուսթեմ Ումերով ժողովէն առաջ յայտնեց, որ սկիզբը տեղի պիտի ունենայ եռակողմ հանդիպում, ապա Քիեւը առանձին հանդիպում պիտի ունենայ եւրոպացի գործընկերներու հետ:
«ՌՊՔ-Ուքրանիա»-ի տուեալներով` կը նախատեսուէր, որ կողմերը երէկ քննարկեն հաւանական զինադադարը, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովուն մէջ ուժանիւթի եւ անվտանգութեան հարցերը:
Բանակցութիւնները աւարտեցան երէկ կէսօրին: Ռուսական պատուիրակութեան պետ Վլատիմիր Մետինսքի յայտարարեց, թէ Ապու Տապիի բանակցութիւնները տեղի ունեցած են գործնական բնոյթ կրող բարեկամական մթնոլորտի մէջ:
Ան նշեց, որ բանակցութիւններուն մէջ առանցքային էր եւրոպական անվտանգութեան ձեւաւորման նիւթը:
Ռուսական պատուիրակութեան պետը նշեց, որ Ապու Տապիի մէջ եւրոպական պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ որեւէ բանակցութիւն տեղի չէ ունեցած: «Եւրոպացիները կրնան խաղաղութեան հոլովոյթին մաս կազմել, անմիջապէս որ անոնց խիղճը արթննայ», ըսաւ ան:
«Եւրոպական Միութենէն խաղաղութեան որեւէ առաջարկ չստացանք», նշեց ռուսական պատուիրակութեան պետը:
«Համաձայնութիւն գոյացուցինք գերիներու փոխանակման լայնածաւալ նոր գործողութեան մը շուրջ, որուն մանրամասնութիւնները հետագային պիտի յայտարարենք», յայտնեց Մետինսքի:
Ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշներ բանակցութիւններու աւարտէն ետք յայտարարեց, թէ բանակցութիւններու ընթացքին ռուսական եւ ուքրանական կողմերուն միջեւ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւն գոյացած է:
«Վաղը Ուիթքոֆի հետ Մոսկուա պիտի այցելենք` հանդիպում ունենալու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, ապա Տապլին պիտի այցելենք` հանդիպում ունենալու Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ», ըսաւ ան:
«Ռուսերը շեշտեցին, որ Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ որեւէ հանդիպումէ առաջ անհրաժեշտ է, որ բանակցութիւնները շօշափելի յառաջընթաց արձանագրեն», նշեց Քուշներ:
Ան ըսաւ, թէ կարեւոր է, որ Եւրոպան Ուքրանիոյ եւ յետպատերազմեան անվտանգութեան հարցի քննարկման որեւէ սեղանի վրայ ըլլայ, որովհետեւ «ատիկա քննարկում մըն է, ուր պէտք է մասնակից ըլլայ», եւ նշանակալից կերպով գովաբանեց բարձրաստիճան եւրոպացի պաշտօնատարներու հետ մինչեւ հիմա կատարուած հաղորդակցութիւնները:
Քուշներ նշեց, որ կը յուսայ, որ Մոսկուայի մէջ իրենց հանդիպումի ընթացքին Փութին «իր օրհնութիւնը պիտի տայ»:
Քրեմլին աւելի ուշ յայտարարեց. «Փութին Եւրոպական Միութեան, ներառեալ Գերմանիոյ վարչապետին հետ հաղորդակցութիւններ ունենալուն նկատմամբ դրական տրամադրուած է»:
«Ներկայիս Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ հաղորդակցութեան յստակ պատկերացում գոյութիւն չունի, եւ հարցը որոշ փուլի քննարկման պիտի ներկայացուի», նշեց Քրեմլին` աւելցնելով. «Եւրոպացիներուն յայտարարութիւնները Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման հասնելու որեւէ փափաք ցոյց չի տար»:
Ուքրանական պատուիրակութեան պետ Ռուսթեմ Ումերով իր կարգին յայտնեց. «Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները գերիներու փոխանակման գործարքի յանգեցան»:


