Ծովային Սահմանագծումի Ամերիկացի Բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն Կ՛այցելէ Լիբանան
Մինչ բանակը այսօր ներկայութեամբ իշխանութեան երեք պետերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 77-ամեակը, երէկ կէսօրին Լիբանան հասաւ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Փարիզ, Պրիւքսել եւ Աթէնք կատարած իր այցելութիւններէն ետք Հոքշթայն պիտի ուղղուի Պէյրութ` ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...




















