Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Եւ Նախկին Նախագահներու Հանդիպումին. «Ժամանակ Չունինք, Լուծումները Պէտք Է Արագ Ըլլան» Կ՛ըսէ Իշխան Սաղաթէլեան

September 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հանդիպման մանրամասնութիւններուն տեղեակ եմ: Այս պահուն կրնամ ըսել հետեւեալը, որ կայ հանրային մեծ, արդարացուած սպասում` այդ ձեւաչափէն շատ յստակ գործնական քայլեր եւ առաջարկներ լսելու», «Երկիր Մետիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ, անդրադառնալով Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաւէրով` Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի հանդիպումին, ըսած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Հանդիպումին փաստը ես մեծապէս կարեւոր կը նկատեմ եւ կ՛արժեւորեմ, եւ քանի որ իրենք յայտարարած են, որ հանդիպումը, քննարկումները պիտի շարունակուին, ես յոյս ունիմ, որ յառաջիկային մենք գործնական, տեսանելի արդիւնքներ կ՛ունենանք», աւելցուցած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Անոր համաձայն, երկիրը օրհասական վիճակէն դուրս բերելը մէկ ուժի, մէկ անհատի, մէկ կուսակցութեան խնդիր չէ. անհրաժեշտ է համախմբում, որուն գիտակցումը բոլորին մօտ առկայ է:

«Մենք պէտք է ստեղծենք առաւելագոյն լայն համախմբում` ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար: Ես վստահ եմ, որ բոլոր կողմերը կ՛առաջնորդուին այդ տրամաբանութեամբ, քանի որ ատիկա անհրաժեշտութիւն է: Ի պատիւ բոլորին, կը կարծեմ, երէկուան հանդիպումը նոյնինքն ատոր ապացոյցն էր: Այստեղ խնդիրը արդէն իրականին մէջ գործնական, տեսանելի արդիւնքներ ունենալն է», ընդգծած է Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Պլինքըն Կ՛ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Համապարփակ Եւ Երկարատեւ Լուծման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Խըրխըզիստանը Կը Նախաձեռնէ Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն Հեռացնելու Ընթացակարգին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.