Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փելոսի Հայաստան Իր Այցելութիւնը Ամփոփող Յայտարարութիւն Հրապարակեց

Սեպտեմբեր 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը` ամփոփելով քոնկրեսական պատուիրակութեան եռօրեայ այցելութիւնը Հայաստան:

«Մեր քոնկրեսական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հայաստան, որ կարեւոր ճակատ է ժողովրդավարութեան եւ բռնապետութեան միջեւ պայքարին մէջ: Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մեր հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցած ենք Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան աջակցութեան հզօր ուղերձ, յատկապէս Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք: Մեր այցելութիւնը նախատեսուած էր 12 սեպտեմբերին` զինուորական գործողութիւններու մեկնարկէն առաջ:

«Ներկայացուցիչներու տան հայկական յանձնախումբի անդամներ Ֆրենք Փալոնը, Աննա Էշուն եւ Ճեքի Սփիըրը եւ ես մեր այցելութեան սկսանք Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ դնելով: Այդտեղ մենք աղօթեցինք Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած 1,5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն համար: Քոնկրեսը հաւատարիմ է երաշխաւորելու, որ Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը երբեք պիտի չջնջուի, այդ իսկ պատճառով 2019 թուականին մենք որդեգրեցինք օրինագիծ` պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն նախագահ Պայտընը արձագանգեց անցեալ տարի իր պաշտօնական ճանաչումով: Պատիւ էր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ պարգեւատրուիլ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի մետալով, զոր ես ընդունեցի Քոնկրեսին անունով` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրազեկման բարձրացման մեր աշխատանքին համար:

«Մեր պատուիրակութեան համար պատիւ էր հանդիպիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու, ներառեալ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: Այս հանդիպումները ապահոված են միտքերու փոխանակում Հայաստանի եւ շրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղղուած քաղաքականութեան եւ գործողութիւններու վերաբերեալ:

«Մեր այցելութեան համար կարեւոր էր, որ մեր պատուիրակութիւնը այնուհետեւ կլոր սեղանի շուրջ հանդիպում կատարեց քաղաքացիական հասարակութեան ղեկավարներու հետ, որոնք արտայայտեցին այս դժուար պահուն իրենց ժողովուրդի մտահոգութիւններն ու կարիքները եւ լոյս սփռեցին Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան համար մղուող պայքարին վրայ: Ինծի համար պատիւ էր դիմել այդ ղեկավարներուն` խօսք արտասանելով Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ, որ հայկական մշակոյթի գոհարն է, ուր ես Ամերիկայի նուիրուածութեան մասին յստակ ուղերձ ուղղեցի Հայաստանին: Աւելի ուշ հանդիպում ունեցանք Ազգային ժողովին մէջ ծառայող ընդդիմութեան ղեկավարներու հետ: Թէեւ ներքին քաղաքականութեան առնչուած տարակարծութիւններ կան, այդ ղեկավարներուն միջեւ յստակ համակարծութիւն կար, որ Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ իր յարձակումը:

«Տեղեկացուած եւ ստացուած ընդունելութենէն ոգեշնչուած` մեր պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Ուաշինկթըն հպարտ եւ պատրաստ յառաջ մղելու Քոնկրեսի երկարամեայ յանձնառութիւնը ժողովրդավարական Հայաստանի եւ անվտանգ, խաղաղ կովկասեան շրջանի նկատմամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Պլինքըն Կ՛ընդգծէ Հետագայ Զինուորական Գործողութիւններու Կանխարգիլման Անհրաժեշտութիւնը Եւ Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Մինչեւ Այս Ամսուան Վերջը Անգամ Մը Եւս Հանդիպելու

Յաջորդը

Փութինը Երեւանին Ու Պաքուին. «Զսպուածութիւն Դրսեւորել, Խստօրէն Պահպանել Զինադադարը Եւ Վճռականօրէն Հետեւիլ Եռակողմ Յայտարարութիւններուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?