20 սեպտեմբերին, որոշակի պարբերականութեամբ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները խախտած են զինադադարի դրութիւնը` հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներ:
Սիւնիքի մարզի ներքին Հանդ համայնքին ուղղութեամբ թշնամին մօտ 10-19 վայրկեան կրակած է: Տեղեկութիւնը «Սփութնիք Արմենիա»¬ի հետ զրոյցին ընթացքին հաստատած է Ներքին Հանդի համայնքապետ Խաչիկ Բաղդասարեան:
Միւս կողմէ, երէկ Ազրպէյճանի գերիներու, անհետ կորածներու եւ պատանդներու հարցերով պետական յանձնախումբը տեղեկացուց, որ երէկ Կարմիր խաչի միջոցով հայկական կողմին յանձնած են 95 զինուորներու դիակներ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց այս լուրը:


